Ժամամուտ
Սրբոյն Կղեմայ հայրապետին եւ Բագարատայ Տոռոմենայ եպիսկոպոսին եւ Գրիգորի Ակրականդացւոյն: Զհայրապետականն զարդարեցեր զաթոռ ի յերկրի. Առաքելական առեր զպատիւ յերկնուստ, ծառայ Քրիստոսի ով երանելիդ ի հարս սուրբ հայրապետ: Քանզի քոյ վարդապետութեանդ սերմանք’ բարեպաշտութեան բուսուցին հասկս, ուրախութեան պտուղ հատուցանելով եւ հաւատացելոցս զփրկութիւն շնորհելով: Վասն որոյ բարեխօսեա առ Տէր վասն անձանց մերոց: Ժամամուտ. Քահանայք քո զգեցցին զարդարութիւն. եւ սուրբք քո ցնծալով ցնծասցեն: Յիշեա Տէր զԴաւիթ. եւ զամենայն հեզութիւն նորա:
Սրբոյն Գրիգորի Սքանչելագործին եւ Միւռոնայ եպիսկոպոսին: Զհայրապետականն զարդարեցեր զաթոռ ի յերկրի. Առաքելական առեր զպատիւ յերկնուստ, ծառայ Քրիստոսի ով երանելիդ ի հարս սուրբ հայրապետ: Քանզի քոյ վարդապետութեանդ սերմանք’ բարեպաշտութեան բուսուցին հասկս, ուրախութեան պտուղ հատուցանելով եւ հաւատացելոցս զփրկութիւն շնորհելով: Վասն որոյ բարեխօսեա առ Տէր վասն անձանց մերոց: Ժամամուտ. Քահանայք քո զգեցցին զարդարութիւն. եւ սուրբք քո ցնծալով ցնծասցեն: Յիշեա Տէր զԴաւիթ. եւ զամենայն հեզութիւն նորա:
Ս. Աստուած
Ս. Աստ. «որ խաչեցար վասն մեր»:
Ընթերցուածներ
Փիլիպպեցիներուն 4, 1-7
1Այսպէս ուրեմն, սիրելի եւ անձկալի եղբայրնե՛ր, իմ ուրախութիւնս եւ պսակս, հաստատուն մնացէք Տիրոջ մէջ, սիրելիներս։
2Կը յորդորեմ Եւոդիան եւ Սինտիքէ որ միախորհուրդ ապրին Տիրոջ մէջ։
3Եւ դուն, Սիզիկէ, իմ մտերիմս եւ իմ լծակիցս, կը խնդրեմ քեզմէ որ անոնց օգնես, որովհետեւ անոնք ալ ինծի օգնեցին Աւետարանի պայքարին մէջ, ինչպէս նաեւ Կղեմէս եւ միւս գործակիցներս որոնց անունները գրուած են կեանքի գիրքին մէջ։
4Միշտ ուրախ եղէք Տիրոջ մէջ, դարձեալ կը կրկնեմ՝ ուրախ եղէք։
5Թող ձեր հեզութիւնը յայտնի ըլլայ բոլոր մարդոց. Տէրը մօտ է։
6Մտահոգութիւններ մի՛ պահէք ձեր սրտերուն մէջ. այլ ձեր բոլոր կարիքներուն մէջ դիմեցէք աղօթքի եւ պաղատանքի, լեցուած շնորհակալութեան իղձերով, ձեր պաղատանքները բարձրացուցէք առ Աստուած։
7Այն ատեն Աստուծոյ խաղաղութիւնը որ գերիվեր է ամէն մտքէ, պիտի հովանաւորէ ձեր սրտերն ու խորհուրդները Յիսուս Քրիստոսի մէջ։
Ա. Պետրոսի 5, 1-7
1Կը յորդորեմ ձեր երէցները, ես՝ իբրեւ անոնց Երիցակիցը եւ վկայ Քրիստոսի չարչարանքներուն, եւ մասնակից՝ յայտնուելիք փառքին։
2Հովուեցէք Աստուծոյ հօտը որ ձեզի յանձնուած է, հսկեցէք ո՛չ իբրեւ ստիպումով, այլ՝ սիրով, Աստուծոյ կամքին համաձայն. ո՛չ գձուձ ակնկալութեամբ, այլ՝ յօժարութեամբ,
3ո՛չ թէ տիրելով անոնց որոնք իբրեւ բաժին ձեզի յանձնուած են, այլ օրինակ հանդիսացէք հօտին,
4որպէս զի երբ յայտնուի Հովուապետը, կարենաք ընդունիլ փառքի անթառամ պսակը։
5Նմանապէս դուք, երիտասարդնե՛ր, հնազանդեցէ՛ք ծերերուն. լեցուեցէ՛ք խոնարհութեամբ իրարու հանդէպ, որովհետեւ Աստուած հակառակ է ամբարտաւաններուն եւ իր շնորհքները կու տայ խոնարհներուն։
6Խոնարհեցէք ուրեմն Աստուծոյ հզօր ձեռքին տակ, որպէս զի յարմար ժամանակին ձեզ բարձրացնէ։
7Ձեր բոլոր անձկութիւնները պարպեցէք Աստուծոյ սրտին մէջ, որովհետեւ ինք ձեզ կը խնամէ։
Ալէլուիա
Ալէլուիա, ալէլուիա. Քահանայք քո զգեցցին զարդարութիւն. եւ սուրբք քո ցնծալով ցնծասցեն:
Ալէլուիա, ալէլուիա. Քահանայք քո զգեցցին զարդարութիւն. եւ սուրբք քո ցնծալով ցնծասցեն:
Աւետարան
Ղուկաս 9, 1-6
1Յիսուս կանչեց Տասներկուքը, տուաւ անոնց զօրութիւն եւ իշխանութիւն դեւերու վրայ եւ կարողութիւն՝ բուժելու հիւանդութիւնները։
2Ղրկեց զանոնք քարոզելու Աստուծոյ Արքայութիւնը եւ բուժելու ախտաժէտները։
3Եւ պատուիրեց անոնց. «Ճամբորդութեան համար մի՛ առնէք ո՛չ գաւազան, ո՛չ մախաղ, ո՛չ հաց, ո՛չ դրամ եւ ո՛չ ալ երկու հագուստ։
4Որեւիցէ տուն ուր մտնէք մնացէք այնտեղ եւ անկէ մեկնեցէք։
5Եթէ ձեզ չընդունին, երբ ելլէք այն քաղաքէն, թօթուեցէ՛ք ձեր ոտքերուն փոշին՝ իբրեւ վկայութիւն անոնց դէմ։»
6Անոնք մեկնեցան ու գացին քաղաքներն ու գիւղերը, կը քարոզէին Աւետարանը եւ ամէն տեղ կը բուժէին։
Յովհաննէս 10, 11-16
11Ես եմ բարի հովիւը. բարի հովիւը իր կեանքը կը զոհէ ոչխարներուն համար.
12իսկ վարձկանը որ հովիւ չէ եւ որուն չեն պատկանիր ոչխարները, հազիւ տեսնէ թէ գայլը կու գայ, կը լքէ ոչխարները եւ կը փախչի։ Գայլը կը յափշտակէ զանոնք ու կը ցրուէ։
13Որովհետեւ վարձկան է, հոգ չ՚ընէր ոչխարներուն վրայ։
14Ես եմ բարի հովիւը, կը ճանչնամ իմ ոչխարներս եւ ոչխարներս զիս կը ճանչնան,
15ինչպէս Հայրը զիս կը ճանչնայ եւ ես Հայրը կը ճանչնամ, եւ կեանքս կու տամ ոչխարներուս համար։
16Ուրիշ ոչխարներ ալ ունիմ որոնք այս փարախէն չեն, պէտք է որ զանոնք ալ հոս բերեմ. անոնք ալ իմ ձայնս պիտի լսեն եւ պիտի ըլլան մէկ հօտ եւ մէկ հովիւ։