Ժամամուտ
Որ ըստ ամենայն միտս անցանես զխաղաղութիւն քո, Աստուած, տուր մեզ հանապազ, զքեզ աղաչեմք: Ժամամուտ. Տեսին ամենայն ծագք երկրի զփրկութիւն Աստուծոյ մերոյ: Օրհնեցէք զՏԷր յօրհնութիւն նոր, զի սքանչելիս արար: 1164
Ս. Աստուած
Ս. Աստ. «որ խաչեցար վասն մեր»:
Ընթերցուածներ
Ա. Թեսաղոնիկեցիներուն 2, 17 - 3, 2
17Եւ մենք, եղբայրնե՛ր, թէպէտ ժամանակի մը համար զրկուեցանք ձեզմէ թէեւ դէմքով, բայց ո՛չ սրտով, աւելի մեծ ջանք թափեցինք շուտով ձեզ տեսնելու. այնքան վառ էր մեր փափաքը։
18Ուզեցինք ձեզի գալ. ես ինք Պօղոս, շատ անգամներ փորձեցի, սակայն սատանան արգելք եղաւ։
19Ո՞վ է մեր յոյսը, մեր ուրախութիւնը, մեր պսակը որով հպարտ ենք, եթէ ոչ դո՛ւք՝ մեր Տիրոջ առջեւ, անոր Գալստեան օրը։
20Այո՛, դուք էք մեր փառքը եւ մեր ուրախութիւնը։
1Չկարենալով աւելի համբերել, որոշումն առինք Աթէնք առանձին մնալ
2եւ ձեզի ղրկեցինք Տիմոթէոս մեր եղբայրը եւ Աստուծոյ գործակիցը՝ Քրիստոսի Աւետարանին տարածման, ձեզ զօրացնելու եւ քաջալերելու համար ձեր հաւատքին մէջ,
Ալէլուիա
Ալէլուիա, ալէլուիա. Պահոց ի ձայնէն.
Աւետարան
Ղուկաս 12, 49-59
49«Եկած եմ կրակ մը վառելու երկրի վրայ, որքա՜ն կը ցանկայի որ արդէն իսկ բորբոքէր։
50Մկրտութիւն մը ունիմ մկրտուելիք, որքա՜ն մեծ է անձկութիւնս մինչեւ որ ան կատարուի։
51Կը կարծէ՞ք թէ եկած եմ խաղաղութիւն բերելու աշխարհին. ո՛չ, այլ՝ բաժանումներ,
52որովհետեւ ասկէ ետք եթէ մէկ տան մէջ հինգ հոգի են, պիտի բաժնուին՝ երեքը երկուքի դէմ, երկուքը՝ երեքին դէմ։
53Պիտի բաժնուի հայրը որդիէն, որդին՝ հօրմէն, մայրը՝ աղջիկէն, աղջիկը՝ մօրմէն, կեսուրը՝ հարսէն, հարսը՝ կեսուրէն։»
54Յիսուս ըսաւ բազմութեան. «Երբ տեսնէք որ արեւմուտքէն ամպ մը կը բարձրանայ, կ՚ըսէք՝ անձրեւ պիտի գայ եւ այդպէս ալ կ՚ըլլայ։
55Երբ հարաւի հովը փչէ, կ՚ըսէք՝ խորշակ պիտի գայ եւ այդպէս ալ կ՚ըլլայ։
56Կեղծաւորնե՛ր, երկրի եւ երկինքի երեւոյթները դատել գիտէք, իսկ ինչո՞ւ չէք գիտեր դատել ներկայ ժամանակը։
57Ինչո՞ւ դուք անձամբ չէք դատեր ինչ որ արդար է։
58Այսպէս, երբ հակառակորդիդ հետ դատաւորին կ՚երթաս, ճամբան ջանա՛ հարցդ կարգադրել հետը, որ չըլլայ թէ քեզ հանէ դատաւորին առջեւ, դատաւորը յանձնէ քեզ դահիճին եւ դահիճը նետէ քեզ բանտ։
59Կ՚ըսեմ քեզի, վերջին դահեկանը չվճարած՝ անկէ պիտի չելլես։»