Ժամամուտ
Սրբոց առաքելոցն Բարթողիմէոսի եւ Յուդայի: Առաքեալք եւ վկայք Քրիստոսի Աստուծոյ. ամենակալ հոգւոյն զօրութեամբն զամենեսեան ընդհանուր յորդեգրութիւն կենաց կոչելով՝ միասնական սուրբ Երրորդութեանն յորդորեցին երգել փառս ի յաւիտեանս.ամէն: Ժամամուտ. Ընդ ամենայն երկիր ել բարբառ նոցա. եւ մինչեւ ի ծագս աշխարհի են խօսք նոցա: Երկինք պատմեն զփառս Աստուծոյ. եւ զարարածս ձեռաց նորա պատմէ հաստատութիւն:
Ս. Աստուած
Ս. Աստ. «որ խաչեցար վասն մեր»:
Ընթերցուածներ
Առաքեալներուն Գործերը 1, 12-14
12Ապա Առաքեալները վերադարձան Ձիթենեաց լեռնէն, որ մօտ է Երուսաղէմի, շաբաթ օրուան ճանապարհի չափի։
13Քաղաք մտան եւ ելան վերնատուն, որ իրենց բնակարանն էր եւ հետեւեալներն էին. Պետրոս, Յակոբ, Յովհաննէս, Անդրէաս, Փիլիպպոս, Թովմաս, Բարթողիմէոս, Մատթէոս, Յակոբ՝ որդի Ալփիայի, Սիմոն Նախանձայոյզ եւ Յուդա, որդի Յակոբի։
14Ատոնք ամէնքը միասիրտ կը յարատեւէին աղօթքի մէջ, մէկ քանի կիներով հանդերձ եւ Յիսուսի Մօր՝ Մարիամի եւ անոր եղբայրներուն հետ։
Ալէլուիա
Ալէլուիա, ալէլուիա. Կացուսցես զնոսա իշխանս ընդ ամենայն երկիր. եւ յիշեսցի անուն քո ընդ ամենայն ազգս ազգաց:
Աւետարան
Մարկոս 6, 7-13
7Յիսուս իրեն կանչեց Տասներկուքը, սկսաւ զանոնք ղրկել առաքելութեան՝ երկու երկու, տալով անոնց իշխանութիւն պիղծ ոգիներու վրայ։
8Պատուիրեց անոնց, ճամբորդութեան համար բան չտանիլ իրենց հետ, այլ միայն գաւազան. ո՛չ հաց, ո՛չ մախաղ, ո՛չ ալ դրամ գօտիին մէջ.
9«Այլ գացէք, հողաթափի հագած եւ երկու պարեգօտ մի՛ կրէք։»
10Եւ կ՚ըսէր անոնց. «Տունը ուր կը մտնէք, մնացէք հոն մինչեւ որ մեկնիք։
11Եթէ քաղաք մը ձեզ չընդունի, կամ ձեզի մտիկ չընէ, երբ անկէ մեկնիք, թօթուեցէք ձեր ոտքերուն փոշին, իբրեւ վկայութիւն անոնց դէմ։»
12Առաքեալները մեկնեցան գացին եւ ապաշխարութիւն կը քարոզէին։
13Բազմաթիւ դեւեր կ՚արտաքսէին, ձէթով շատ հիւանդներ կ՚օծէին ու կը բուժէին զանոնք։