Ժամամուտ
Ժամամուտ. Միածին Որդի եւ բանդ Աստուած, եւ անմահ էութիւն. որ յանձն առեր մարմնանալ ի սրբուհւոյ Աստուածածնէն եւ ի միշտ կուսէն. անփոփոխելիդ մարդ եղեալ խաչեցար Քրիստոս Աստուած, մահուամբ զմահ կոխեցեր. մինդ ի սրբոյ Երրորդութենէն փառաւորակից ընդ Հօր եւ ընդ սրբոյ Հոգւոյն, կեցո զմեզ: Քեզ վայելէ օրհնութիւն Աստուած ի Սիոն. Եւ քեզ տացին աղօթք յԵրուսաղէմ: Լուր աղօթից իմոց. Զի առ քեզ ամենայն մարմին եկեսցէ:
Ս. Աստուած
Ս. Աստ. «որ յարեար ի մեռելոց»:
Ընթերցուածներ
Ա. Թեսաղոնիկեցիներուն 4, 1-13
1Այսուհետեւ, եղբայրնե՛ր, կ՚աղաչենք ձեզի, կը յորդորենք ձեզ յանուն Յիսուս Քրիստոսի, քանի որ սորվեցաք մեզմէ թէ ի՛նչպէս պէտք է ապրիք եւ Աստուծոյ հաճելի ըլլաք, եւ արդէն այդպէս ալ կ՚ընէք որպէս զի դե՛ռ աւելի յառաջդիմութիւն ընէք։
2Գիտէք թէ ինչպիսի՛ պատուէրներ տուինք ձեզի Տէր Յիսուսի անունով։
3Այս է Աստուծոյ կամքը. ձեր սրբութիւնը. Հրաժարեցէ՛ք պոռնկութենէ,
4եւ ձեզմէ իւրաքանչիւրը գիտնայ առնել իր մարմինը սրբութեամբ եւ յարգանքով,
5առանց տարուելու ցանկութեան կիրքերէն, ինչպէս կ՚ընեն հեթանոսները՝ որոնք Աստուած չեն ճանչնար։
6Այս հարցին մէջ, թող ոչ ոք փոխարինէ կամ խաբէ իր եղբայրը, որովհետեւ Տէրը վրէժխնդիր է այս բոլորին հա մար, ինչպէս որ ձեզի ըսինք ու վկայեցինք։
7Աստուած մեզ չկանչեց անմաքրութեան, այլ՝ սրբութեան։
8Հետեւաբար ո՛վ որ կը մերժէ այս պատուէրը, մարդ մը չէ որ կը մերժէ, այլ՝ Աստուած, որ տուաւ ձեզի պարգեւը Սուրբ Հոգիին։
9Իսկ եղբայրսիրութեան մասին կարիք չկայ գրել ձեզի, որովհետեւ անձամբ սորվեցաք Աստուծմէ զիրար սիրել
10եւ այնպէս ալ կ՚ընէք ամբողջ Մակեդոնիայի եղբայրներուն հանդէպ։ Կը խնդրենք, եղբայրնե՛ր, որ դե՛ռ աւելի աճիք եւ յառաջդիմէք.
11ապրեցէք խաղաղ, զբաղեցէք իւրաքանչիւրդ ձեր գործերով, աշխատեցէք ձեր ձեռքերով ինչպէս որ պատուիրեցի ձեզի,
12որպէս զի ապրիք պատուաւոր կեանք մը յաչս դրսեցիններուն եւ կարօտ չըլլաք եւ ո՛չ մէկ բանի։
13Չենք ուզեր, եղբայրներ, որ տգէտ ըլլաք ննջեցեալներու մասին, որպէս զի չտրտմիք ինչպէս ուրիշներ՝ որոնք յոյս չունին։
Ալէլուիա
Ալէլուիա, ալէլուիա. Յարութեան ի ձայնէն.
Աւետարան
Ղուկաս 13, 1-9
1Նոյն ժամանակ մարդիկ եկան եւ պատմեցին Յիսուսի այն Գալիլեացիներուն մասին, որոնց արիւնը Պիղատոս խառնած էր իրենց զոհերու արեան։
2Յիսուս ըսաւ անոնց. «Կը կարծէ՞ք որ այն Գալիլեացիները աւելի մեղաւոր էին քան միւս բոլոր Գալիլեա ցիները, որովհետեւ այսպիսի բախտ ունեցան։
3Կ՚ըսեմ ձեզի՝ ո՛չ. սակայն եթէ չապաշխարէք, ամէնքդ ալ նոյնպէս պիտի կորսուիք։
4«Եւ կամ այն տասնութ հոգիները որոնց վրայ փլաւ Սելովամի աշտարակը եւ սպաննեց զանոնք, կը կարծէ՞ք որ աւելի մեղաւոր էին քան Երուսաղէմի միւս բնակիչները։
5Ո՛չ, կ՚ըսեմ ձեզի. սակայն եթէ չապաշխարէք, ամէնքդ ալ նոյնպէս պիտի կորսուիք։»
6Յիսուս այս առակն ալ պատմեց անոնց. «Մարդ մը թզենի մը ունէր տնկուած իր պարտէզին մէջ։ Եկաւ անկէ թուզ քաղելու եւ չգտաւ։
7Այգեպանին ըսաւ. 'Այս երրորդ տարին է որ կու գամ այս թզենիէն պտուղ քաղելու եւ չեմ գտներ. կտրէ՛ զայն, ինչո՞ւ երկրին ոյժը կը սպառէ'։
8Միւսը պատասխանեց. 'Տէ՛ր, թող գայ այս տարին ալ, մինչեւ որ անոր շուրջը փորեմ, աղբ դնեմ։
9Թերեւս յետագային պտուղ տայ, ապա թէ ոչ տարի մը ետք կը կտրես զայն'։»