Ժամամուտ
Սրբոյն Գենարիոսի Եպիսկոպոսին եւ Մերկիւռիոսի զինաւորին: Զօրական եւ վկայ ճշմարիտ քաջ նահատակդ Քրիստոսի սուրբդ Թէոդորոս, որ փոխանակեցեր զմարմինդ ընդ հոգւոյդ քում փրկանս, եւ ոչ ածեր զմտաւ զսպառնալիսն Մաքսիմիանոսի Թագաւորին. այլ վերին ազդեցութեամբն դիտելով զայրեցումն հոգւոց նորա, վասն այնորիկ լուցեր զտաճար կռոց նոցա: Արդ ի յաղթող պատերազմի տօնողացս զօր նահատակութեան քոյ՝ բարեխօսեա առ Տէր վասն անձանց մերոց: Ժամամուտ. Քահանայք քո զգեցցին զարդարութիւն. եւ սուրբք քո ցնծալով ցնծասցեն: Յիշեա Տէր զԴաւիթ. եւ զամենայն հեզութիւն նորա:
Ս. Աստուած
Ս. Աստ. «որ խաչեցար վասն մեր»:
Ընթերցուածներ
Բ. Կորնթացիներուն 3, 18 - 4, 6
18Եւ մենք ամէնքս, որ բաց երեսով կը ցոլացնենք իբրեւ հայելիին մէջ՝ Տիրոջ փառքը, կը նորոգուինք նոյն պատկերին համաձայն ու կ՚երթանք փառքէ փառք, Տիրոջ Հոգիով։
1Ասոր համար, կանչուած ենք այս պաշտօնին աստուածային ողորմութեամբ ու բնաւ չենք տկարանար։
2Այլ մերժեցինք ամօթի ծածկամտութիւնները որպէս զի չընթանանք խորամանկութեամբ՝ Աստուծոյ խօսքը խեղաթիւրելով։ Ընդհակառակն, ճշմարտութեան յայտնութեամբ՝ Աստուծոյ առջեւ մենք մեզ կը յանձնարարենք մարդկային ամէն մտքի։
3Իսկ եթէ մեր Աւետարանը քօղարկուած կը մնայ, քօղարկուած է անոնց՝ որ կը կորսուին.
4անհաւատներուն՝ որոնց սիրտը կուրցուց այս աշխարհի աստուածը, որպէս զի չծագի անոնց Քրիստոսի փառքի Աւետարանին լոյսը, որ պատկերն է աներեւոյթ Աստուծոյ։
5Մենք մեզ չենք քարոզեր, այլ՝ Յիսուս Քրիստոս, Տէրը։ Մենք ձեր ծառաներն ենք Յիսուսի սիրոյն համար։
6Արդարեւ Աստուած ըսաւ՝ լոյս թող ծագի խաւարէն, եւ ծագեց լոյսը մեր սրտին մէջ, որպէս զի փայլի գիտութիւնը Աստուծոյ փառքին, որ Քրիստոսի դէմքին վրայ է։
Ալէլուիա
Ալէլուիա, ալէլուիա. Մարտիրոսաց ի ձայնէն.
Աւետարան
Ղուկաս 21, 12-19
12Բայց ասկէ առաջ, ձեր վրայ ձեռք պիտի բարձրացնեն, պիտի հալածեն ու մատնեն ձեզ ժողովարաններու եւ բանտ պիտի նետեն։ Պիտի տանին ձեզ թագաւորներու եւ դատաւորներու առջեւ՝ իմ Անունիս համար։
13Ասիկա վկայութեան առիթ պիտի ըլլայ ձեզի։
14Արդ՝ ձեր միտքը դրէք. մի՛ մտահոգուիք ձեր պաշտպանութիւնը կանխաւ պատրաստելու համար։
15Ես պիտի տամ ձեզի խօսք եւ իմաստութիւն՝ որուն պիտի չկարենան հակառակիլ կամ ընդդիմախօսել ձեր հակառակորդները։
16Պիտի մատնեն ձեզ, նոյնիսկ ձեր հայրերն ու մայրերը, ձեր եղբայրները, ձեր ազգականները եւ ձեր բարեկամները ու ձեզմէ շատեր մահուան դատապարտել պիտի տան։
17Իմ անունիս համար շատեր ձեզ պիտի ատեն։
18Սակայն եւ ոչ իսկ մազ մը պիտի կորսուի ձեր գլուխէն եւ դուք՝
19ձեր համբերութեամբը պիտի փրկէք ձեր կեանքը։»