Ժամամուտ
Սրբոց վկայիցն Յակովկայ եւ Իրաւափառայ: Ի տաճարի սրբոց եւ ի յիշատակի սրբոց մարտիրոսաց զձեռս համբառնալով աղաչեմք, բարեխօսութեամբ սոցա եւ աղօթիւք զկենդանութիւնս մեր խաղաղացո, Աստուած, որպէս մարդասէր: Ժամամուտ. Օրհնեա անձն իմ զՏէր. եւ ամենայն ոսկերք իմ զանուն սուրբ նորա: Օրհնեա անձն իմ զՏէր. եւ մի մոռանար զամենայն տուրս նորա: 1174
Ս. Աստուած
Ս. Աստ. «որ խաչեցար վասն մեր»:
Ընթերցուածներ
Հռոմայեցիներուն 5, 1-5
1Այսուհետեւ հաւատքով արդարացած, խաղաղութեան մէջ ենք Աստուծոյ հետ՝ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ։
2Ինք հաւատքով մեզ հաղորդակից կ՚ընէ այդ շնորհքին, որուն մէջ հաստատուած ենք եւ մեր պարծանքը կը դնենք Աստուծոյ փառքի յոյսին մէջ։
3Դեռ աւելին, կ՚ուրախանանք մեր նեղութիւններուն մէջ, գիտնալով որ նեղութիւնը կը ծնի յարատեւութիւն,
4յարատեւութիւնը՝ փորձուած հաւատարմութիւն, փորձուած հաւատարմութիւնը՝ յոյս։
5Յոյսը չի՛ խաբեր, որովհետեւ Աստուծոյ սէրը սփռուած է մեր սրտերուն մէջ, Սուրբ Հոգիով՝ որ մեզի տրուեցաւ։
Ալէլուիա
Ալէլուիա, ալէլուիա. Մարտիրոսաց ի ձայնէն.
Աւետարան
Ղուկաս 12, 2-9
2Որովհետեւ չկայ ծածուկ բան մը որ չյայտնուի եւ ո՛չ ալ գաղտնիք՝ որ չգիտցուի։
3Ինչ որ ըսած էք խաւարի մէջ, պիտի յայտնուի օր ցերեկով, ինչ որ փսփսացիք ականջն ի վար մարանի մէջ, պիտի հռչակուի տանիքներու վրայ։
4«Ձեզի կ՚ըսեմ, իմ սիրելիներուս, մի՛ վախնաք անոնցմէ՝ որ մարմինը կը սպաննեն եւ անկէ աւելի բան մը չեն կրնար ընել։
5Ձեզի ցոյց պիտի տամ թէ որմէ՛ պէտք է վախնաք։ Դուք վախցէք անկէ, որ սպաննելէ ետք իշխանութիւն ունի Գեհեն նետելու։ Այո՛, կ՚ըսեմ ձեզի, միայն անկէ վախցէք։
6Հինգ ճնճղուկները երկու դահեկանի չե՞ն ծախուիր եւ սակայն անոնցմէ եւ ո՛չ մէկը մոռցուած է Աստուծոյ առջեւ։
7Իսկ ձեր մազերն անգամ համրուած են։ Մի՛ վախնաք ուրեմն քանի որ դուք աւելի կ՚արժէք քան բոլոր ճնճղուկները։
8Կ՚ըսեմ ձեզի, ով որ խոստովանի զիս մարդոց առջեւ, Մարդու Որդին ալ պիտի խոստովանի զինք Աստուծոյ հրեշտակներուն առջեւ։
9Իսկ ով որ ուրանայ զիս մարդոց առջեւ, Մարդու Որդին ալ պիտի ուրանայ զինք Աստուծոյ հրեշտակներուն առջեւ։