Ժամամուտ
Որ ըստ ամենայն միտս անցանես զխաղաղութիւն քո, Աստուած, տուր մեզ հանապազ, զքեզ աղաչեմք: Ժամամուտ. Կեցո զծառայս քո Աստուած իմ, որ ի քեզ յուսացայ: Ողորմեա ինձ Տէր, զի առ քեզ աղաղակեցի զօրհանապազ. ուրախ արա զանձն ծառայի քոյ, զի առ քեզ Տէր համբարձի զանձն իմ:
Ս. Աստուած
Ս. Աստ. «որ խաչեցար վասն մեր»:
Ընթերցուածներ
Ա. Թեսաղոնիկեցիներուն 5, 1-11
1Իսկ ժամերու եւ ժամանակներու մասին՝ կարիք չունիք, եղբայրնե՛ր, որ ձեզի գրուի։
2Դուք լաւ գիտէք որ Տիրոջ օրը կը հասնի գիշերուան գողին նման։
3Երբ մարդիկ ըսեն՝ խաղաղութիւն է եւ ապահովութիւն, ճիշդ այն ատեն կործանումը յանկարծակի պիտի իյնայ անոնց վրայ, ինչպէս երկունքի ցաւերը՝ յղի կնոջ վրայ, եւ պիտի չկարենան ազատիլ։
4Իսկ դուք, եղբայրնե՛ր, դուք խաւարի մէջ չէք որ ձեր օրը գողի նման ձեզ յանկարծակիի բերէ։
5Դուք ամէնքդ լոյսի որդիներ էք, ցերեկուան որդիներ էք։ Մենք գիշերուան որդիներ չենք, խաւարի որդիներ չենք։
6Քունի մէջ չթմրինք ուրիշներու պէս, այլ հսկենք ժուժկալութեամբ։
7Քնացողները գիշերը կը քնանան, արբեցողները գիշերը կ՚արբենան։
8Իսկ մենք որ ցերեկուան որդիներ ենք, ապրինք ժուժկալ, զգենունք զրահը հաւատքի եւ սիրոյ, դնենք յոյսի փրկութեան սաղաւարտը։
9Աստուած մեզ չսահմանեց բարկութեան, այլ փրկութեան կեանքին, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ,
10որ մեռաւ մեզի համար, որպէս զի մենք, արթուն կամ քնացած, ապրինք միշտ Յիսուսի միացած։
11Ասոր համար զիրար մխիթարեցէք, իրարու օրինակ եղէք, ինչպէս որ կ՚ընէք արդէն։
Ալէլուիա
Ալէլուիա, ալէլուիա. Պահոց ի ձայնէն.
Աւետարան
Ղուկաս 13, 10-21
10Շաբաթ օր մը Յիսուս կը սորվեցնէր ժողովարանին մէջ։
11Այնտեղ կին մը կար բռնուած հիւանդութեան չար դեւէն՝ տասնութ տարիներէ ի վեր, կարկամած էր եւ չէր կրնար վեր նայիլ։
12Յիսուս տեսաւ զինք եւ ըսաւ. «Ո՛վ կին, բուժուած ես հիւանդութենէդ։»
13Ձեռքը վրան դրաւ, կինը իսկոյն շտկուեցաւ եւ սկսաւ Աստուծոյ փառք տալ։
14Ժողովարանին պետը զայրացաւ որ Յիսուս շաբաթ օրով բուժեց կինը եւ ժողովուրդին ըսաւ. «Վեց օր ունիք, որոնց ընթացքին արտօնուած է աշխատիլ, այդ օրերուն եկէք բուժուելու եւ ո՛չ՝ շաբաթ օրը։»
15Տէրը պատասխանեց անոր. «Կեղծաւորնե՛ր, ձեզմէ իւրաքանչիւրը, շաբաթ օրը իր եզը կամ էշը մսուրէն չի՞ քակեր եւ ջուր խմցնելու չի՞ տանիր։
16Այս կինն ալ Աբրահամի զաւակ է եւ կաշկանդուած դեւէն տասնութ տարիներէ ի վեր. արժանի չէ՞ր շաբաթ օրը արձակել իր կապանքներէն։»
17Այս խօսքերուն վրայ Յիսուսի հակառակորդները ամէնքն ալ ամօթահար մնացին։ Իսկ բազմութիւնը ուրախացաւ այն բոլոր սքանչելիքներուն համար զորս Յիսուս կը գործէր։
18Յիսուս ըսաւ. «Ի՞նչ բանի կը նմանի Աստուծոյ Արքայութիւնը, ի՞նչ բանի նմանցնեմ զայն։
19Նման է մանանեխի հատիկին, զոր մարդը առաւ եւ տնկեց պարտէզին մէջ. ան աճեցաւ ու ծառ եղաւ եւ երկինքի թռչունները բնակեցան անոր ոստերուն մէջ։»
20Յիսուս դարձեալ ըսաւ. «Ի՞նչ բանի նմանցնեմ Աստուծոյ Արքայութիւնը։
21Նման է խմորին, զոր կինը առաւ եւ թաղեց երեք գրիւ ալիւրի մէջ եւ ամբողջ զանգուածը խմորուեցաւ։»