Ժամամուտ
Սրբոց Հարցն եգիպտացւոց՝ Պօղոսի, Պօղայ, Մարակայ, Եւագրի, Յովհաննու Գբեցւոյն, Յովհաննու Կարճահասակին, Նեղոսի, Արսենի, Սիսիանու, Դանիէլի, Սրապիոնի, Մակարիոսի, Պիմէնի եւ այլոց սրբոց Հարցն: Ժամամուտ. Ճգնաւորք Քրիստոսի, որք տանջանաց անօրինացն համբերեցէք, եւ զմոլութիւն կռոցն խափանեցէք. դասաւորեալք ընդ Հրեշտակս ի յերկինս. որք ունիք զհամարձակութիւն ի Քրիստոսէ, բարեխօսեցէք կեցեւցանել զանձինս մեր, զձեզ աղաչեմք: Եթէ ոչ Տէր էր առ մեզ. ասասցէ Իսրայէլ, եթէ ոչ Տէր էր առ մեզ: Ընդ առնել մարդկան ի վերայ մեր. կենդանւոյն կամեցան կլանել զմեզ:
Ս. Աստուած
Ս. Աստ. «որ խաչեցար վասն մեր»:
Ընթերցուածներ
Եբրայեցիներուն 11, 32-40
32Եւ դեռ ի՞նչ ըսեմ, քանի որ ժամանակը բաւական չէ պատմելու Գեդէովնի, Բարակի, Սամսոնի, Յեփթայի, Դաւիթի, Սամուէլի եւ միւս մարգարէներուն մասին։
33Ասոնք իրենց հաւատքին զօրութեամբ, թագաւորութիւններ նուաճեցին, արդարութիւնը կատարեցին, խոստումներու իրականացում ընդունեցան, առիւծներու բերանը գոցեցին,
34կրակի զօրութիւնը մարեցին, սուրէն ազատեցան, զօրացան յետ հիւանդութեան, հերոսացան պատերազմի մէջ, օտարներու արշաւանքները ետ մղեցին,
35կիները իրենց մեռելները վերագտան՝ յարութեամբը։ Ոմանք կոշկոծուեցան, մերժելով իրենց ազատութիւնը, հասնելու համար լաւագոյն յարութեան։
36Ուրիշներ ծաղրուեցան ու գանահարուեցան, շղթայի զարնուեցան ու բանտարկուեցան։
37Քարկոծուեցան, սղոցուեցան, սուրով խողխողուեցան, թափառեցան՝ հագած այծի կամ ոչխարի մորթ, մերկ, հալածական եւ տառապագին։
38Աշխարհը անարժան էր անոնց, եղան վարատական անապատներու մէջ, լեռներու վրայ, երկրի քարայրներու եւ անձաւներու մէջ։
39Եւ ամէնքը, թէպէտ լաւ վկայութիւն ունէին իրենց հաւատքին մասին, սակայն չվայելեցին խոստումը,
40որովհետեւ Աստուած աւելի լաւ բախտ մը վերապահած էր մեզի, եւ անոնք, առանց մեզի պիտի չհասնէին կատարելութեան։
Ալէլուիա
Ալէլուիա, ալէլուիա. Երանելի են որք բնակեալ են ի տան Տեառն. յաւիտեան յաւիտենից օրհնեսցեն զքեզ:
Աւետարան
Մատթէոս 10, 37-42
37Ով որ իր հայրը կամ մայրը ինձմէ աւելի սիրէ, արժանի չէ ինծի։ Ով որ իր տղան կամ աղջիկը ինձմէ աւելի սիրէ, արժանի չէ ինծի։
38Ով որ իր խաչը չ՚առներ ու ետեւէս չի գար, արժանի չէ ինծի։
39Ով որ իր կեանքը գտնէ, պիտի կորսնցնէ զայն. ով որ իր կեանքը կորսնցնէ ինծի համար, պիտի գտնէ զայն։
40Ով որ ձեզ ընդունի, զիս կ՚ընդունի։ Ով որ զիս կ՚ընդունի, կ՚ընդունի Ան որ զիս ղրկեց։
41Ով որ մարգարէ մը ընդունի իբրեւ մարգարէ, մարգարէի վարձք կ՚առնէ. ով որ արդարը ընդունի իբրեւ արդար, արդարի վարձք կ՚առնէ։
42Ով որ միայն գաւաթ մը պաղ ջուր խմցնէ այս փոքրիկներէն մէկուն, ճշմարիտ կ՚ըսեմ ձեզի, իր վարձքը պիտի չկորսնցնէ։»