Ժամամուտ
Որ ըստ ամենայն միտս անցանես զխաղաղութիւն քո, Աստուած, տուր մեզ հանապազ, զքեզ աղաչեմք: Ժամամուտ. Տեսին ամենայն ծագք երկրի զփրկութիւն Աստուծոյ մերոյ: Օրհնեցէք զՏԷր յօրհնութիւն նոր, զի սքանչելիս արար:
Ս. Աստուած
Ս. Աստ. «որ խաչեցար վասն մեր»:
Ընթերցուածներ
Ա. Թեսաղոնիկեցիներուն 5, 12-28
12Կը խնդրենք ձեզմէ, եղբայրնե՛ր, ճանչցէք ձեր մէջ անոնք որ կը վաստակին, կ՚առաջնորդեն ձեզ Տիրոջ անունով եւ կը խրատեն ձեզ։
13Արժանի համարեցէք զանոնք աւելի սիրոյ՝ անոնց աշխատանքին համար։ Խաղաղութեամբ ապրեցէք իրարու հետ։
14Ձեզի կ՚ըսենք, եղբայրնե՛ր, խրատեցէ՛ք ստահակները, քա ջալերեցէ՛ք երկչոտները, օգնեցէ՛ք տկարներուն, ամենուն հանդէպ համբերութիւն ունեցէք։
15Հսկեցէք որ ո՛չ մէկը, ո՛չ մէկուն չարիք հատուցանէ չարի փոխարէն, այլ՝ իրարու միջեւ եւ ամենուն հանդէպ, միշտ բարին հետամուտ եղէք։
16Միշտ ուրախ եղէ՛ք,
17միշտ աղօթեցէ՛ք։
18Ամէն բանի մէջ Աստուծոյ գոհութիւն տուէք. այս է Աստուծոյ կամքը ձեր վրայ, որ դուք ապրիք՝ միացած Յիսուս Քրիստոսի։
19Հոգին մի՛ շիջուցանէք։
20Մարգարէութեան պարգեւները մի՛ թերագնահատէք,
21այլ՝ փորձեցէք ամէն բան, պահեցէք ինչ որ բարի է։
22Զգուշացէ՛ք ամէն տեսակ չարիքէ։
23Աստուած խաղաղութեան, ինք անձամբ թող ձեզ ամբողջովին սրբացնէ եւ ձեր հոգին, միտքն ու մարմինը թող պահուին անբասիր մեր Տիրոջ Գալստեան Օրուան համար։
24Հաւատարիմ է Ան որ ձեզ կանչեց եւ Ինք պիտի իրականացնէ այս ամէնը։
25Եղբայրնե՛ր, դուք ալ մեզի համար աղօթեցէք։
26Ողջունեցէք բոլոր եղբայրները սրբութեան համբոյրով։
27Կ՚երդուընցնեմ ձեզ Տիրոջ անունով. Թող այս նամակը կարդացուի բոլոր եղբայրներուն։
28Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի շնորհքը թող ըլլայ ձեզի հետ։
Ալէլուիա
Ալէլուիա, ալէլուիա. Պահոց ի ձայնէն.
Աւետարան
Ղուկաս 14, 1-11
1Շաբաթ օր մը, Յիսուս ճաշի մտաւ Փարիսեցիներուն պետերէն մէկուն տունը. ատոնք կը դիտէին զինք։
2Ահա ջրգողող մարդ մը կեցած էր Յիսուսի դիմաց։
3Յիսուս խօսքը օրէնսգէտներուն եւ Փարիսեցիներուն ուղղելով՝ ըսաւ. «Արտօնուա՞ծ է կամ ոչ շաբաթ օրով հիւանդ մը բուժել։»
4Անոնք լռեցին։ Այն ատեն Յիսուս հիւանդը բռնեց, բժշկեց եւ ղրկեց,
5յետոյ ըսաւ անոնց. «Ձեզմէ ո՞վ եթէ իր որդին կամ եզը ջրհոր իյնայ, անմիջապէս զայն դուրս չի քաշեր՝ նոյնիսկ շաբաթ օրով։»
6Անոնք չկրցան իրեն պատասխանել։
7Յիսուս առակ մը պատմեց հրաւիրեալներուն, որովհետեւ կը տեսնէր թէ ինչպէս առաջին տեղերը կը գրաւէին։ Ըսաւ անոնց.
8«Երբ մէկը հարսանեկան կոչունքի հրաւիրէ քեզ, մի՛ երթար եւ առաջին տեղը մի՛ բազմիր, թերեւս քեզմէ աւելի կարեւոր անձնաւորութիւն մը հրաւիրած է
9եւ քեզ ու զայն հրաւիրողը չգայ եւ քեզի ըսէ՝ 'Տեղդ ասոր տուր'։
10Այն ատեն, դուն ամօթահար՝ պիտի երթաս ու գրաւես վերջին տեղը։ Ընդհակառակն, երբ հրաւիրուիս, գնա՛, նստէ՛ վերջին տեղը, որպէս զի քեզ հրաւիրողը երբ գայ, ըսէ քեզի՝ 'Բարեկա՛մ, աւելի վեր անցիր'։ Այն ատեն ասիկա քեզի համար պատիւ մը պիտի ըլլայ բոլոր սեղանակիցներուն առջեւ։
11Որովհետեւ ով որ ինքզինք բարձրացնէ, պիտի խոնարհի եւ ով որ ինքզինք խոնարհեցնէ, պիտի բարձրանայ։»