Ժամամուտ
Սրբոյն Նիկողայոսի զմիւռնացւոյ սքանչելագործ հայրապետին: Զհայրապետականն զարդարեցեր զաթոռ ի յերկրի. Առաքելական առեր զպատիւ յերկնուստ, ծառայ Քրիստոսի ով երանելիդ ի հարս սուրբ հայրապետ: Քանզի քոյ վարդապետութեանդ սերմանք’ բարեպաշտութեան բուսուցին հասկս, ուրախութեան պտուղ հատուցանելով եւ հաւատացելոցս զփրկութիւն շնորհելով: Վասն որոյ բարեխօսեա առ Տէր վասն անձանց մերոց: Ժամամուտ. Քահանայք քո զգեցցին զարդարութիւն. եւ սուրբք քո ցնծալով ցնծասցեն:
Ս. Աստուած
Ս. Աստ. «որ խաչեցար վասն մեր»:
Սաղմոս
Յիշեա Տէր զԴաւիթ. եւ զամենայն հեզութիւն նորա:
Ընթերցուածներ
Բ. Տիմոթէոսին 3, 10-15
10Իսկ դուն, հետեւեցար իմ վարդապետութեանս, առաջնորդութեանս, ծրագիրներուս, հաւատքիս, համբերութեանս, սիրոյս, յարատեւութեանս,
11հալածանքներուս, նեղութիւններուս զորս կրեցի Անտիոք, Իկոնիա, Լիւստրոս։ Որքա՛ն հալածանքներ կրեցի, սակայն Տէրը փրկեց զիս։
12Այո՛, անոնք որ կ՚ուզեն աստուածպաշտութեամբ ապրիլ Քրիստոսի մէջ, պիտի հալածուին։
13Իսկ մեղաւորներն ու կախարդները, աւելի առաջ պիտի երթան չարութեան մէջ, մոլորած են եւ ուրիշներ ալ պիտի մոլորեցնեն։
14Իսկ դուն հաստատ մնացիր սորվածիդ մէջ եւ որուն հաւատարիմ եղար։ Գիտես թէ որմէ՛ սորվեցար զայն։
15Որովհետեւ մանկութենէդ ի վեր գիտես Սուրբ Գիրքը։ Ան կարող է քեզի տալ իմաստութիւն, որ հաւատքով ի Քրիստոս Յիսուս, կ՚առաջնորդէ դէպի փրկութիւն։
Ալէլուիա
Ալէլուիա, ալէլուիա. Քահանայք քո զգեցցին զարդարութիւն. եւ սուրբք քո ցնծալով ցնծասցեն:
Աւետարան
Յովհաննէս 10, 11-16
11Ես եմ բարի հովիւը. բարի հովիւը իր կեանքը կը զոհէ ոչխարներուն համար.
12իսկ վարձկանը որ հովիւ չէ եւ որուն չեն պատկանիր ոչխարները, հազիւ տեսնէ թէ գայլը կու գայ, կը լքէ ոչխարները եւ կը փախչի։ Գայլը կը յափշտակէ զանոնք ու կը ցրուէ։
13Որովհետեւ վարձկան է, հոգ չ՚ընէր ոչխարներուն վրայ։
14Ես եմ բարի հովիւը, կը ճանչնամ իմ ոչխարներս եւ ոչխարներս զիս կը ճանչնան,
15ինչպէս Հայրը զիս կը ճանչնայ եւ ես Հայրը կը ճանչնամ, եւ կեանքս կու տամ ոչխարներուս համար։
16Ուրիշ ոչխարներ ալ ունիմ որոնք այս փարախէն չեն, պէտք է որ զանոնք ալ հոս բերեմ. անոնք ալ իմ ձայնս պիտի լսեն եւ պիտի ըլլան մէկ հօտ եւ մէկ հովիւ։