Ժամամուտ
Ժամամուտ. Միածին Որդի եւ բանդ Աստուած, եւ անմահ էութիւն. որ յանձն առեր մարմնանալ ի սրբուհւոյ Աստուածածնէն եւ ի միշտ կուսէն. անփոփոխելիդ մարդ եղեալ խաչեցար Քրիստոս Աստուած, մահուամբ զմահ կոխեցեր. մինդ ի սրբոյ Երրորդութենէն փառաւորակից ընդ Հօր եւ ընդ սրբոյ Հոգւոյն, կեցո զմեզ:
Ս. Աստուած
Ս. Աստ. «որ յարեար ի մեռելոց»:
Սաղմոս
Քեզ վայելէ օրհնութիւն Աստուած ի Սիոն. Եւ քեզ տացին աղօթք յԵրուսաղէմ: Լուր աղօթից իմոց. Զի առ քեզ ամենայն մարմին եկեսցէ:
Ընթերցուածներ
Բ. Թեսաղոնիկեցիներուն 1, 1-12
1Պօղոս, Սիղուանոս եւ Տիմոթէոս, Թեսաղոնիկեցիներու եկեղեցիին, որ է Աստուծոյ մեր Հօր եւ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի մէջ։
2Աստուծոյ մեր Հօր եւ Տէր Յիսուս Քրիստոսի կողմէ ձեզի շնորհք եւ խաղաղութիւն։
3Պարտական ենք միշտ գոհութիւն մատուցանել Աստուծոյ ձեզի համար, եղբայրներ, եւ ասիկա արդար է, որովհետեւ ձեր հաւատքը յառաջդիմութեան մէջ է եւ ձեզմէ իւրաքանչիւրին սէրը իրարու հանդէպ, կ՚աճի ամենուդ մէջ։
4Աստուծոյ եկեղեցիներուն մէջ, հպարտ ենք ձեզմով, ձեր համբերութեան եւ ձեր հաւատքին համար հալածանքներու եւ նեղութիւններու մէջ զորս կը կրէք։
5Ասով իսկ կը յայտնուի Աստուծոյ արդար դատաստանը, եւ դուք արժանի պիտի համարուիք Աստուծոյ Արքայութեան, որուն համար կը չարչարուիք։
6Աստուծոյ արդարութեամբ, չարչարանք պիտի փոխադարձուի անոնց որ ձեզ կը չարչարեն,
7իսկ ձեզի, տառապեալներուդ՝ պիտի տրուի հանգիստ մեզի հետ, երբ Տէր Յիսուս յայտնուի երկինքի մէջ իր զօրութեան հրեշտակներով,
8հրավառ բոցին մէջ եւ վրէժ առնէ անոնցմէ որ Աստուած չեն ճանչնար եւ չեն հնազանդիր մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Աւետարանին։
9Ասոնք պիտի պատժուին յաւիտենական կորուստով, պիտի մերժուին Տիրոջ երեսէն, Անոր զօրութեան փառքէն,
10երբ գայ փառաւորուելու իր սուրբերուն մէջ, հոչակուելու բոլոր հաւատացեալներուն մէջ. եւ դուք հաւատացիք մեր վկայութեան։ Այսպէս պիտի ըլլայ այն օրը։
11Այս մտածումով, մենք ստէպ կ՚աղօթենք ձեզի համար, որ պէս զի մեր Աստուածը արժանի ընէ ձեզ իր կոչումին, մինչեւ որ իր բարութեամբ լրացնէ իր կամքին հաճութիւնը, եւ իր գործութեամբ՝ ձեր հաւատքին գործերը,
12որպէս զի փառաւորուի մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի անունը ձեր մէջ, եւ դուք՝ անոր մէջ, մեր Աստուծոյ եւ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի շնորհքին համաձայն։
Ալէլուիա
Ալէլուիա, ալէլուիա. Յարութեան ի ձայնէն.
Աւետարան
Ղուկաս 14, 12-24
12Յիսուս ըսաւ զինք հրաւիրողին. «Երբ ճաշ կամ ընթրիք տաս, մի՛ հրաւիրեր ո՛չ բարեկամներդ, ո՛չ եղբայրներդ, ո՛չ ազգականներդ, ո՛չ ալ հարուստ դրացիներդ,
13որպէս զի փոխարէն անոնք ալ քեզ չհրաւիրեն եւ հատուցում ըլլայ քեզի։ Ընդհակառակն, երբ խնջոյք սարքես, հրաւիրէ աղքատները, հաշմանդամները, կաղերը, կոյրերը
14եւ երջանիկ պիտի ըլլաս, որովհետեւ անկարող են քեզի փոխադարձելու եւ փոխարէնը քեզի պիտի տրուի արդարներու յարութեան օրը։»
15Այս խօսքերը լսելով՝ բազմականներէն մէկը ըսաւ Յիսուսի. «Երանի՛ անոր որ ճաշ պիտի ուտէ Աստուծոյ Արքայութեան մէջ։»
16Յիսուս պատասխանեց. «Մարդ մը մեծ խնջոյք պատրաստեց եւ բազմաթիւ մարդիկ հրաւիրեց։
17Ընթրիքի պահուն, մարդ ղրկեց, ըսելու հրաւիրեալներուն. 'Եկէ՛ք, ամէն բան պատրաստ է'։
18Ամէնքն ալ սկսան հրաժարիլ։ Առաջինը ըսաւ. 'Դաշտ մը գնեցի, պէտք է երթամ տեսնեմ. խնդրեմ, նկատի մի՛ առներ զիս'։
19Ուրիշ մը ըսաւ. 'Հինգ լուծ եզներ գնեցի, կ՚երթամ զանոնք փորձելու. խնդրեմ, հրաժարած համարէ զիս'։
20Ուրիշ մըն ալ ըսաւ. 'Ամուսնացայ, չեմ կրնար գալ'։
21Վերադարձին՝ սպասաւորը այս պատասխանները հաղորդեց տիրոջ։ Զայրացաւ տանտէրը եւ սպասաւորին ըսաւ. 'Գնա՛ քաղաքին հրապարակներն ու փողոցները եւ բեր աղքատները, հաշմանդամները, կոյրերն ու կաղերը'։
22Յետոյ սպասաւորը դարձեալ եկաւ եւ ըսաւ. 'Տէ՛ր, հրամաններդ կա տարուեցան, սակայն տակաւին տեղ կայ'։
23Տէրը ըսաւ սպասաւորին. 'Գնա ճամբաներն ու պարտէզները, ստիպէ մարդիկ որ գան, որպէս զի տունս լեցուի'։
24Որովհետեւ, կ՚ըսեմ ձեզի, նախապէս հրաւիրեալներէն եւ ո՛չ մէկը պիտի ճաշակէ իմ ընթրիքէս։»