Ժամամուտ
Սրբոյն Մինասայ, Երմոգինեայ, Գրաբոսի, եւ կամաւոր աղքատացն Յովհաննու եւ Ալեքսիանոսի: Ի տաճարի սրբոց եւ ի յիշատակի սրբոց մարտիրոսաց զձեռս համբառնալով աղաչեմք, բարեխօսութեամբ սոցա եւ աղօթիւք զկենդանութիւնս մեր խաղաղացո, Աստուած, որպէս մարդասէր: Ժամամուտ. Պատուական է առաջի Տեառն մահ սրբոց իւրոց.
Ս. Աստուած
Ս. Աստ. «որ խաչեցար վասն մեր»:
Սաղմոս
ո՛ Տէր, ես ծառայ քո եմ, ծառայ եւ որդի աղախնոյ քոյ: Հաւատացի զոր եւ խօսեցայ. եւ ես խոնարհ եղէ յոյժ:
Ընթերցուածներ
Փիլիպպեցիներուն 1, 27 - 2, 4
27Միայն թէ ապրեցէք Քրիստոսի Աւետարանին արժանի կեանքով, որպէս զի եթէ ձեր քովը գամ, տեսնեմ, իսկ եթէ հեռու մնամ՝ լսեմ, որ հաստատ կը մնաք միեւնոյն հոգիով, միասնաբար կը պայքարիք, միասիրտ էք Աւետարանի հաւատքին համար։
28առանց վախնալու ձեր հակառակորդներէն. ասիկա կանխայայտ⟦?⟧ եւ ստոյգ նշան մըն է, անոնց համար՝ կործանումի, իսկ ձեզի համար՝ փրկութեան։
29Եւ ասիկա Աստուծմէ է. որովհետեւ Աստուծոյ շնորհքով տրուեցաւ ձեզի ոչ միայն Քրիստոսի հաւատալ, այլ նաեւ չարչարուիլ անոր համար։
30Ասով դուք կը մղէք նոյն պայքարը, զոր ինչպէս տեսաք՝ ես մղեցի, եւ ինչպէս գիտէք՝ կը շարունակեմ մղել։
1Եթէ կայ մխիթարութիւն մը Քրիստոսի մէջ, սփոփանք մը Սիրոյ մէջ, եթէ կայ հաղորդութիւն մը Հոգւոյն հետ, կարեկցող գթութիւն մը,
2լրացուցէք ուրախութիւնս ձեր միախոհութեամբ, ունեցէք նոյն սէրը, նոյն հոգին, նոյն զգացումները։
3Բան մի՛ ընէք մրցակցութեան ոգիով կամ սնապարծութեամբ, այլ՝ իւրաքանչիւրը խոնարհութեամբ ուրիշը իրմէ գերադաս թող համարէ։
4Ձեզմէ իւրաքանչիւրը թող չփնտռէ իր անձնական շահերը, այլ ընդհակառակը՝ խորհի ուրիշներու շահերուն։
Ալէլուիա
Ալէլուիա, ալէլուիա. Մարտիրոսաց ի ձայնէն.
Աւետարան
Մատթէոս 10, 37-42
37Ով որ իր հայրը կամ մայրը ինձմէ աւելի սիրէ, արժանի չէ ինծի։ Ով որ իր տղան կամ աղջիկը ինձմէ աւելի սիրէ, արժանի չէ ինծի։
38Ով որ իր խաչը չ՚առներ ու ետեւէս չի գար, արժանի չէ ինծի։
39Ով որ իր կեանքը գտնէ, պիտի կորսնցնէ զայն. ով որ իր կեանքը կորսնցնէ ինծի համար, պիտի գտնէ զայն։
40Ով որ ձեզ ընդունի, զիս կ՚ընդունի։ Ով որ զիս կ՚ընդունի, կ՚ընդունի Ան որ զիս ղրկեց։
41Ով որ մարգարէ մը ընդունի իբրեւ մարգարէ, մարգարէի վարձք կ՚առնէ. ով որ արդարը ընդունի իբրեւ արդար, արդարի վարձք կ՚առնէ։
42Ով որ միայն գաւաթ մը պաղ ջուր խմցնէ այս փոքրիկներէն մէկուն, ճշմարիտ կ՚ըսեմ ձեզի, իր վարձքը պիտի չկորսնցնէ։»