Ժամամուտ
Սրբոյն կուռնելիոսի հարիւրապետին եւ Շմաւոնի ազգականին Քրիստոսի, եւ Պողիկարպոսի Զմիւռնոյ հայրապետին եւ Արեւելեան վկայիցն: Ի տաճարի սրբոց եւ ի յիշատակի սրբոց մարտիրոսաց զձեռս համբառնալով աղաչեմք, բարեխօսութեամբ սոցա եւ աղօթիւք զկենդանութիւնս մեր խաղաղացո, Աստուած, որպէս մարդասէր: Ժամամուտ. Տէր, որպէս զինու հաճութեամբ քով պսակեցեր զմեզ:
Ս. Աստուած
Ս. Աստ. «որ խաչեցար վասն մեր»:
Սաղմոս
Բանից իմոց ունկն դիր Տէր. եւ ի միտ առ զաղաղակ իմ:
Ընթերցուածներ
Հռոմայեցիներուն 16, 24-27
24Երաստոս, քաղաքիս գանձապահը ձեզ կ՚ողջունէ, ինչպէս նաեւ Կուարտոս եղբայրը։
25Այլ Անոր որ կարող է ձեզ հաստատ պահել, ըստ իմ այս Աւետարանիս, եւ ըստ քարոզութեան Յիսուս Քրիստոսի, ըստ յայտնութեան խորհուրդին, որ ծածկուած էր յաւերժական լռութեան մէջ,
26բայց այսօր յայտնուեցաւ՝ մարգարէական գրուածքներով, մշտնջենաւոր Աստուծոյ հրամանին համաձայն, եւ հռչակուեցաւ ի գիտութիւն բոլոր հեթանոսներուն, զանոնք բերելու համար հաւատքի հնազանդութեան,
27Աստուծոյ՝ որ միայն իմաստուն է, Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ, փառք յաւիտեանս յաւիտենից. Ամէն։
Ալէլուիա
Ալէլուիա, ալէլուիա. Կացուսցես զնոսա իշխանս ընդ ամենայն երկիր. եւ յիշեսցի անուն քո ընդ ամենայն ազգս ազգաց:
Աւետարան
Մարկոս 6, 7-13
7Յիսուս իրեն կանչեց Տասներկուքը, սկսաւ զանոնք ղրկել առաքելութեան՝ երկու երկու, տալով անոնց իշխանութիւն պիղծ ոգիներու վրայ։
8Պատուիրեց անոնց, ճամբորդութեան համար բան չտանիլ իրենց հետ, այլ միայն գաւազան. ո՛չ հաց, ո՛չ մախաղ, ո՛չ ալ դրամ գօտիին մէջ.
9«Այլ գացէք, հողաթափի հագած եւ երկու պարեգօտ մի՛ կրէք։»
10Եւ կ՚ըսէր անոնց. «Տունը ուր կը մտնէք, մնացէք հոն մինչեւ որ մեկնիք։
11Եթէ քաղաք մը ձեզ չընդունի, կամ ձեզի մտիկ չընէ, երբ անկէ մեկնիք, թօթուեցէք ձեր ոտքերուն փոշին, իբրեւ վկայութիւն անոնց դէմ։»
12Առաքեալները մեկնեցան գացին եւ ապաշխարութիւն կը քարոզէին։
13Բազմաթիւ դեւեր կ՚արտաքսէին, ձէթով շատ հիւանդներ կ՚օծէին ու կը բուժէին զանոնք։