Ժամամուտ
Ժամամուտ. Աղաչեմք զքեզ սուրբ կոյս Մարիամ Աստուածածին, բարձրելոյն զօրութեամբն հովանաւորեալ, եւ սուրբ Հոգւոյն եկաւորութեամբն լուսաւորեալ. որ զամենայն գոհութեանց ստեղծիչն յղացեալ ծնար անճառապէս. մարմնացելոյն առ ի քէն բարեխօսեա կեցուցանել զանձինս մեր:
Ս. Աստուած
Ս. Աստ. «որ խաչեցար վասն մեր»:
Սաղմոս
Տէր տացէ զբան ոյք աւետարանեն զօրութեամբ բազմաւ: Յարիցէ Աստուած, եւ ցրուեսցին ամենայն թշնամիք նորա. Փախիցեն ատելիք նորա յերեսաց նորա:
Ընթերցուածներ
Գաղատացիներուն 3, 24-29
24Այսպէս ուրեմն, մինչեւ Քրիստոսի գալուստը Օրէնքը դաստիարակ եղաւ մեզի, որպէս զի հաւատքով ընդունէինք մեր արդարութիւնը։
25Բայց երբ հաւատքը եկաւ, այլեւս դաստիարակի իշխանութեան տակ չենք։
26Որովհետեւ, հաւատքով ամէնքդ ալ Աստուծոյ որդիներ էք, Յիսուս Քրիստոսով։
27Ամէնքդ մկրտուեցաք Քրիստոսով, զգեցաք Քրիստոսի շնորհքը,
28ա՛լ խտիր չկայ ո՛չ Հրեայի եւ ո՛չ հեթանոսի, ո՛չ ստրուկի եւ ո՛չ ազատի, ո՛չ այր մարդու եւ ո՛չ կնոջ միջեւ. ամէնքդ մէկ էք Յիսուս Քրիստոսի մէջ։
29Եթէ Քրիստոսի կը պատկանիք, ուրեմն Աբրահամի սերունդ էք, ժառանգորդներ՝ խոստումին համաձայն։
Ալէլուիա
Ալէլուիա, ալէլուիա. Ուրախ լեր բերկրեալդ, Տէր ընդ քեզ. Օրհնեալ ես դու ի կանայս, եւ օրհնեալ է պտուղ որովայնի քոյ:
Աւետարան
Ղուկաս 1, 39-56
39Այն օրերուն Մարիամ փութով ճամբայ ելաւ ու գնաց դէպի լեռնակողմը, Յուդայի մէկ քաղաքը։
40Մտաւ Զաքարիայի տունը եւ ողջունեց Եղիսաբեթը։
41Եղիսաբեթ երբ լսեց Մարիամի ողջոյնը, մանուկը խայտաց իր արգանդին մէջ եւ ինք լեցուեցաւ Սուրբ Հոգիով։
42Այն ատեն Եղիսաբեթ բարձր ձայնով գոչեց. «Դուն օրհնուած ես բոլոր կիներուն մէջ եւ օրհնուած է քու արգանդիդ պտուղը։
43Եւ որքան մեծ բարիք մըն է, որ Տիրոջս մայրը ինծի գայ,
44որովհետեւ հազիւ թէ ողջոյնիդ ձայնը լսեցի, մանուկս ուրախութեամբ խայտաց արգանդիս մէջ։
45Երանի՜ անոր որ հաւատաց թէ պիտի իրագործուին Տիրոջ կողմէ իրեն ըսուած խօսքերը։»
46Այն ատեն Մարիամ ըսաւ.
47«Անձս կը փառաբանէ Տէրը եւ հոգիս կը ցնծայ Աստուծմով՝ իմ Փրկիչովս։
48Որովհետեւ հաճեցաւ նայիլ իր աղախնին խոնարհութեան եւ այսուհետեւ բոլոր ազգերը երանի՜ պիտի ըսեն ինծի։
49Զի Հզօրը մեծ գործեր ըրաւ ինծի. Սուրբ է անոր Անունը։
50Անոր բարութիւնը սերունդէ սերունդ կը տարածուի իր երկիւղածներուն վրայ։
51Տարածեց զօրութիւնը իր բազուկին, ցրուեց ամբարտաւանները իրենց սրտի խորհրդովը,
52Հզօրները տապալեց իրենց գահերէն, իսկ խոնարհները բարձրացուց։
53Քաղցածները յագեցուց բարիքներով, իսկ հարուստները ճամբեց ձեռնունայն։
54Օգնութիւն ըրաւ իր ծառային, Իսրայելի, յիշելով իր գթութիւնը,
55ինչպէս որ ըսած էր մեր հայրերուն՝ Աբրահամի եւ ասոր սերունդին, յաւիտեան։»
56Մարիամ երեք ամիս մնաց Եղիսաբեթի քով եւ ապա վերադարձաւ իր տունը։