Ժամամուտ
Սրբոյն Եւտռատիոսի, Օքսենտիոսի, Եւգինէոսի, Ովրեստէսի եւ Մարգարիոսի: Ի տաճարի սրբոց եւ ի յիշատակի սրբոց մարտիրոսաց զձեռս համբառնալով աղաչեմք, բարեխօսութեամբ սոցա եւ աղօթիւք զկենդանութիւնս մեր խաղաղացո, Աստուած, որպէս մարդասէր: Ժամամուտ. Պարծեսցին ի քեզ սիրելիք անուան քոյ Տէր. զի օրհնեսցես դու զարդարն:
Ս. Աստուած
Ս. Աստ. «որ խաչեցար վասն մեր»:
Սաղմոս
Բանից իմոց ունկն դիր Տէր. եւ ի միտ առ զաղաղակ իմ:
Ընթերցուածներ
Հռոմայեցիներուն 5, 1-5
1Այսուհետեւ հաւատքով արդարացած, խաղաղութեան մէջ ենք Աստուծոյ հետ՝ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ։
2Ինք հաւատքով մեզ հաղորդակից կ՚ընէ այդ շնորհքին, որուն մէջ հաստատուած ենք եւ մեր պարծանքը կը դնենք Աստուծոյ փառքի յոյսին մէջ։
3Դեռ աւելին, կ՚ուրախանանք մեր նեղութիւններուն մէջ, գիտնալով որ նեղութիւնը կը ծնի յարատեւութիւն,
4յարատեւութիւնը՝ փորձուած հաւատարմութիւն, փորձուած հաւատարմութիւնը՝ յոյս։
5Յոյսը չի՛ խաբեր, որովհետեւ Աստուծոյ սէրը սփռուած է մեր սրտերուն մէջ, Սուրբ Հոգիով՝ որ մեզի տրուեցաւ։
Ալէլուիա
Ալէլուիա, ալէլուիա. Մարտիրոսաց ի ձայնէն.
Աւետարան
Մատթէոս 5, 1-12
1Բազմութիւնները տեսնելով, Յիսուս բարձրացաւ լեռ եւ նստաւ, իսկ աշակերտները հաւաքուեցան շուրջը։
2Խօսք առնելով կը սորվեցնէր անոնց եւ կ՚ըսէր.
3«Երանի՛ հոգիով աղքատներուն, որովհետեւ անոնց է երկինքի Արքայութիւնը։
4Երանի՛ հեզերուն, որովհետեւ անոնք պիտի ժառանգեն երկիրը։
5Երանի՛ սգաւորներուն, որովհետեւ անոնք պիտի մխիթարուին։
6Երանի՛ անոնց որ քաղցն ու ծարաւն ունին արդարութեան, որովհետեւ անոնք պիտի յագենան։
7Երանի՛ ողորմածներուն, որովհետեւ անոնք ողորմութիւն պիտի գտնեն։
8Երանի՛ անոնց որ սրտով սուրբ են, որովհետեւ Աստուած պիտի տեսնեն։
9Երանի՛ խաղաղարարներուն, որովհետեւ անոնք Աստուծոյ որդիներ պիտի կոչուին։
10Երանի՛ անոնց որ արդարութեան համար կը հալածուին, որովհետեւ անոնց է երկինքի Արքայութիւնը։
11Երանի՛ ձեզի, երբ ձեզ նախատեն, երբ ձեզ հալածեն կամ զրպարտեն ամէն տեսակ չարախօսութիւններով՝ իմ պատճառովս.
12ցնծացէք եւ ուրախացէք, որովհետեւ ձեր վարձատրութիւնը մեծ պիտի ըլլայ երկինքի մէջ։ Այսպէս հալածուեցան ձեր նախորդները՝ մարգարէները։»