Ժամամուտ
Որ ըստ ամենայն միտս անցանես զխաղաղութիւն քո, Աստուած, տուր մեզ հանապազ, զքեզ աղաչեմք: Ժամամուտ. Տեսին ամենայն ծագք երկրի զփրկութիւն Աստուծոյ մերոյ:
Ս. Աստուած
Ս. Աստ. «որ խաչեցար վասն մեր»:
Սաղմոս
Օրհնեցէք զՏԷր յօրհնութիւն նոր, զի սքանչելիս արար:
Ընթերցուածներ
Բ. Թեսաղոնիկեցիներուն 3, 1-18
1Այսուհետեւ, եղբայրնե՛ր, աղօթեցէք մեզի համար, խնդրելով որ Տիրոջ խօսքը աւարտէ իր ասպարէզը եւ փառաւորուի ամէն տեղ, ինչպէս որ փառաւորուեցաւ ձեր մէջ,
2որպէս զի մենք ազատինք անօրէն եւ անզգամ մարդոցմէ, որովհետեւ հաւատքը ամէնուն չէ տրուած։
3Տէրը սակայն հաւատարիմ է, պիտի հաստատէ ձեզ եւ պահպանէ ամէն չարէ։
4Տիրոջմով լիուլի վստահութիւն ունինք ձեր վրայ. ինչ որ պատուիրեցինք ձեզի՝ կը գործադրէք եւ պիտի շարունակէք գործադրել։
5Տէրը թող առաջնորդէ ձեր սրտերուն դէպի աստուածային սէրը եւ Քրիստոսի համբերութիւնը։
6Կը պատուիրենք ձեզի, եղբայրնե՛ր, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի անունով, հեռու կեցէք այն բոլոր եղբայրներէն որոնք ստահակաբար կը թափառին եւ չեն հետեւիր աւանդութեան զոր ձեզի հաղորդեցինք։
7Դուք գիտէք թէ ինչպէս պարտիք մեզի նմանիլ։ Մենք ձեր մէջ անգործ չմնացինք,
8ո՛չ մէկուն ձրի հացը կերանք, այլ ջանքով եւ վաստակով գիշեր ցերեկ աշխատեցանք որ ձեզմէ ո՛չ մէկուն վրայ չծանրանանք։
9Ո՛չ որովհետեւ իրաւունք չունէինք, այլ՝ կ՚ուզէինք ձեզի օրինակ հանդիսանալ եւ դուք մեզի նմանէիք։
10Եւ յետոյ, երբ ձեր մօտն էինք, ձեզի այս կանոնը սահմանած էինք. ո՛վ որ կը մերժէ աշխատիլ, թող չուտէ։
11Արդ՝ կը լսենք թէ ձեզմէ ոմանք ստահակաբար կ՚ապրին, երբեք չեն աշխատիր եւ ամէն բանի միջամուխ կ՚ըլլան։
12Այդպիսիներուն կը պատուիրենք, կը յորդորենք զանոնք Յիսուս Քրիստոսի անունով որ հանդարտօրէն աշխատին եւ իրենց վաստակին հացն ուտեն։
13Եղբայրնե՛ր, բնաւ մի՛ ձանձրանաք բարին գործելէ։
14Եթէ մէկը չհետեւի այս նամակին ուղղութիւններուն, դատեցէք զինք որպէս զի պատկառի եւ խզեցէք անոր հետ ամէն յարաբերութիւն։
15Սակայն մի՛ նկատէք զինք իբրեւ թշնամի մը, այլ՝ խրատեցէք եղբօր մը պէս։
16Խաղաղութեան Տէրը, միշտ եւ ամէն կերպով թող ձեզի խաղաղութիւն տայ։ Տէրը թող միշտ ձեզի հետ ըլլայ։
17Այս ողջոյնը, իմ՝ Պօղոսի ձեռքով է. բոլոր նամակներս զանազանող նշանն է, ես այսպէս կը գրեմ։
18Շնորհքը մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի թող ըլլայ ամենուդ հետ։
Ալէլուիա
Ալէլուիա, ալէլուիա. Պահոց ի ձայնէն.
Աւետարան
Ղուկաս 15, 1-7
1Մաքսաւորներն ու մեղաւորները մօտեցան Յիսուսի՝ զինք լսելու համար։
2Փարիսեցիներն ու դպիրները կը տրտնջէին եւ կ՚ըսէին. «Այս մարդը մեղաւորները կ՚ընդունի եւ անոնց հետ կ՚ուտէ։»
3Այն ատեն Յիսուս այս առակը պատմեց անոնց.
4«Ձեզմէ ո՞վ եթէ ունենայ հարիւր ոչխարներ եւ կորսնցնէ անոնցմէ մէկ հատը, իննիսուն եւ ինը չի թողուր եւ չ՚երթար կորսուածը փնտռելու՝ մինչեւ որ զայն գտնէ։
5Եւ երբ գտնէ զայն, ուրախութեամբ կը դնէ ուսերուն վրայ
6եւ տուն վերադարձին կը հաւաքէ բարեկամներն ու դրացիները եւ կ՚ըսէ անոնց. 'Խնդակցեցէ՛ք ինծի, որովհետեւ գտայ կորսուած ոչխարս'։
7Կ՚ըսեմ ձեզի, երկինքի մէջ աւելի մեծ ուրախութիւն կայ մէկ մեղաւորի համար որ կ՚ապաշխարէ, քան իննիսուն եւ ինը արդարներու համար, որոնք պէտք չունին ապաշխարութեան։»