Ժամամուտ
Սրբոյն Յակովբայ Մծբնայ հայրապետին եւ Մարուգէի ճգնաւորին: Զհայրապետականն զարդարեցեր զաթոռ ի յերկրի. Առաքելական առեր զպատիւ յերկնուստ, ծառայ Քրիստոսի ով երանելիդ ի հարս սուրբ հայրապետ: Քանզի քոյ վարդապետութեանդ սերմանք’ բարեպաշտութեան բուսուցին հասկս, ուրախութեան պտուղ հատուցանելով եւ հաւատացելոցս զփրկութիւն շնորհելով: Վասն որոյ բարեխօսեա առ Տէր վասն անձանց մերոց: Ժամամուտ. Քահանայք քո զգեցցին զարդարութիւն. եւ սուրբք քո ցնծալով ցնծասցեն:
Ս. Աստուած
Ս. Աստ. «որ խաչեցար վասն մեր»:
Սաղմոս
Յիշեա Տէր զԴաւիթ. եւ զամենայն հեզութիւն նորա:
Ընթերցուածներ
Եբրայեցիներուն 13, 17-21
17Հնազանդեցէ՛ք ձեր առաջնորդներուն եւ անսացէ՛ք անոնց, որովհետեւ կը հսկեն ձեր հոգիներուն վրայ իբրեւ թէ անոնց համար հաշիւ պիտի տան, որպէս զի ուրախութեամբ ընեն զայն եւ ոչ հառաչելով՝ ինչ որ ձեզի նպաստաւոր չէ։
18Աղօթեցէ՛ք մեզի համար, գիտակից ենք մեր խղճի մաքրութեան եւ վճռական ⟦?⟧ ⟦?⟧ բանի մէջ լաւ ընթացք ցոյց տալու։
19Կը յորդորեմ ձեզ, ⟦?⟧ աղօթել, որպէս զի շուտով վերադարձուիմ ձեզի։
20Աստուած խաղաղութեան, որ մեռելներէն հանեց, Ան որ յաւերժական ուխտի մը արիւնով եղաւ ոչխարներու մեծ Հովիւը, Յիսուս մեր Տէրը,
21Թող ձեզ ատակ դարձնէ իր կամքը կատարել ամէն բանի մէջ որ լաւ է եւ իրականացնէ մեր մէջ ինչ որ հաճելի է իրեն, Յիսուս Քրիստոսով՝ որուն փառք յաւիտեանս յաւիտենից. Ամէն։
Ալէլուիա
Ալէլուիա, ալէլուիա. Քահանայք քո զգեցցին զարդարութիւն. եւ սուրբք քո ցնծալով ցնծասցեն:
Աւետարան
Յովհաննէս 9, 39 - 10, 10
39Այն ատեն Յիսուս ըսաւ. «Աշխարհը եկայ դատաստանի մը համար, որպէս զի տեսնեն անոնք որ կոյր էին եւ կուրնան անոնք որ կը տեսնէին։»
40Փարիսեցիները որոնք քովը կեցած էին, հարցուցին. «Մենք ալ կո՞յր ենք։»
41Յիսուս պատասխանեց անոնց. «Եթէ կոյր ըլլայիք, մեղք չէիք ունենար։ Բայց քանի որ կ՚ըսէք՝ 'Կը տեսնենք', ձեր մեղքը կը մնայ։»
1«Ճշմարիտ, ճշմարիտ կ՚ըսեմ ձեզի, ով որ դռնէն չի մտներ փարախին մէջ, այլ ուրիշ տեղէ մը կը մագլցի, այնպիսին գող է եւ աւազակ։
2Իսկ դռնէն մտնողը՝ հովիւն է ոչխարներուն։
3Դռնապանը կը բանայ անոր եւ ոչխարները կը լսեն անոր ձայնը։ Ան կը ճանչնայ իր ոչխարները, կը կանչէ զանոնք, իւրաքանչիւրը իր անունով, եւ դուրս կ՚առաջնորդէ։
4Երբ իրենները դուրս հանէ, կը քալէ անոնց առջեւէն եւ ոչխարները կը հետեւին, որովհետեւ կը ճանչնան անոր ձայնը։
5Օտարին չեն հետեւիր, ընդհակառակն կը փախչին անկէ, որովհետեւ անոր ձայնը չեն ճանչնար։»
6Յիսուս այս առակը խօսեցաւ անոնց, բայց անոնք չհասկցան թէ ինչ կ՚ուզէր ըսել։
7Յիսուս շարունակեց. «Ճշմարիտ, ճշմարիտ կ՚ըսեմ ձեզի, ես եմ ոչխարներու դուռը։
8Անոնք որոնք ինձմէ առաջ եկան, գողեր էին եւ աւազակներ եւ ոչխարները մտիկ չըրին անոնց։
9Ես եմ դուռը, եթէ մէկը մտնէ իմ միջոցովս, պիտի փրկուի. պիտի մտնէ, պիտի ելլէ եւ սնունդ պիտի գտնէ։
10Գողը կու գայ միայն գողնալու, սպաննելու եւ կորսնցնելու համար։ Ես եկայ որպէս զի մարդիկ կեանք ունենան՝ եւ առատութեամբ ունենան։