Ժամամուտ
Ժամամուտ. Միածին Որդի եւ բանդ Աստուած, եւ անմահ էութիւն. որ յանձն առեր մարմնանալ ի սրբուհւոյ Աստուածածնէն եւ ի միշտ կուսէն. անփոփոխելիդ մարդ եղեալ խաչեցար Քրիստոս Աստուած, մահուամբ զմահ կոխեցեր. մինդ ի սրբոյ Երրորդութենէն փառաւորակից ընդ Հօր եւ ընդ սրբոյ Հոգւոյն, կեցո զմեզ:
Ս. Աստուած
Ս. Աստ. «որ յարեար ի մեռելոց»:
Սաղմոս
Քեզ վայելէ օրհնութիւն Աստուած ի Սիոն. Եւ քեզ տացին աղօթք յԵրուսաղէմ: Լուր աղօթից իմոց. Զի առ քեզ ամենայն մարմին եկեսցէ:
Ընթերցուածներ
Եբրայեցիներուն 1, 1-14
1Շատ անգամներ եւ բազմաթիւ օրինակներով անցեալի մէջ Աստուած խօսեցաւ մեր Հայրերուն՝ մարգարէներու ձեռնով,
2իսկ, այս վերջին ժամանակներու վախճանին խօսեցաւ մեզի իր Որդիին միջոցաւ, զոր կարգեց ժառանգորդ ամէն բանի եւ որով ստեղծեց տիեզերքը։
3Պայծառութիւն անոր փառքին, պատկեր անոր էութեան, այս Որդին՝ որ տիեզերքը կանգուն կը պահէ իր խօսքին զօրութեամբ, մեր մեղքերու մաքրութիւնը կատարելէ ետք, երկինքի մէջ նստաւ Մեծվայելչութեան աջ կողմը,
4եղաւ այնքան բարձր հրեշտակներէն, որքան գերազանց անուն ժառանգեց՝ հրեշտակներու անունէն։
5Արդարեւ՝ հրեշտակներէն ո՞ր մէկուն Աստուած ըսաւ երբեք. Դուն ես իմ Որդիս, եւ ես այսօր քեզ ծնայ եւ կամ՝ Ես հայր պիտի ըլլամ անոր եւ ան ինծի՝ որդի,
6եւ դարձեալ երբ Անդրանիկը աշխարհը կը մոցնէ՝ կ՚ըսէ. Աստուծոյ բոլոր հրեշտակները թող պաշտեն զինք։
7Իսկ հրեշտակներու մասին խօսելով՝ այսպէս կ՚սէ. Իր հրեշտակները հոգիներ ըրաւ եւ իր պաշտօնեաները՝ կրակի բոց։
8Իսկ Որդիին կ՚ըսէ. Քու աթոռդ, ո՛վ Աստուած, յաւիտեանս յաւիտենից եւ արդարութեանդ մականը՝ մական է անոր թագաւորութեան։
9Սիրեցիր արդարութիւնը եւ ատեցիր անօրէնութիւնը։ Ատոր համար Աստուած, քու Աստուածդ քեզ օծեց ուրախութեան ձէթով, աւելի քան քու ընկերներդ։
10Եւ դուն, Տէր, սկիզբէն հաստատեցիր երկիրը, եւ երկինքը քու ձեռքերուդ գործն է։
11Անոնք պիտի անհետանան, իսկ դուն կաս եւ կը մնաս. Անոնք պիտի մաշին ձորձերու նման։
12Պիտի գալարես զանոնք վերարկուի մը նման, եւ պիտի գալարուին, իսկ դուն նոյնն ես եւ քու տարիներդ՝ անանց են։
13Հրեշտակներէն ո՞ր մէկուն ըսաւ երբեք. Նստէ՛ աջ կողմս, մինչեւ որ թշնամիներդ պատուանդան դնեմ ոտքերուդ առջեւ։
14Արդեօք ամէնքն ալ հոգիներ չե՞ն, պաշտօններ առած եւ ղրկուած ծառայելու անոնց՝ որոնք փրկութիւնը պիտի ժառանգեն։
Ալէլուիա
Ալէլուիա, ալէլուիա. Յարութեան ի ձայնէն.
Աւետարան
Ղուկաս 17, 1-10
1Յիսուս ըսաւ աշակերտներուն. «Անկարելի է որ գայթակղութիւններ չգան. բայց վա՛յ անոր, որուն ձեռքով կու գան։
2Անոր համար աւելի լաւ է եթէ վիզէն երկանաքար մը կապեն եւ ծով նետեն քան այս փոքրիկներէն մէկուն գայթակղութիւն տայ։
3Զգո՛յշ եղէք ուրեմն դուք ձեզի համար։» «Եթէ եղբայրդ մեղանչէ, յանդիմանէ՛ զինք. եթէ զղջայ, ներէ՛ իրեն։
4Եթէ օրը եօթն անգամ մեղանչէ քու դէմդ եւ եօթն անգամ գայ եւ ըսէ քեզի՝ ՚Կը զղջամ՚, ներէ՛ իրեն։»
5Առաքեալները ըսին Տիրոջ. «Աւելցո՛ւր մեր հաւատքը։»
6Տէրն ըսաւ. «Եթէ հաւատք ունենաք մանանեխի հատիկի չափ եւ ըսէք այս թթենիին՝ արմատախիլ եղիր եւ գնա տնկուէ ծովուն մէջ, պիտի հնազանդի ձեզի։»
7«Ձեզմէ ո՞վ, եթէ ունի ծառայ մը հողագործ կամ հովիւ, երբ ասիկա դաշտէն վերադառնայ՝ կ՚ըսէ անոր. ՚Շուտ եկուր եւ սեղան նստէ՚։
8Ընդհակառակն, պիտի չըսէ՞ անոր՝ ՚Ընթրիքս պատրաստէ եւ գօտի կապած՝ ծառայէ ինծի, մինչեւ որ ուտեմ եւ խմեմ, յետոյ դուն ալ կ՚ուտես ու կը խմես՚։
9Միթէ տէրը շնորհապա՞րտ է այ ծառային, որ ըրաւ իրեն հրամայուած գործերը։
10Նոյնպէս ալ դուք, երբ կատարէք ինչ որ ձեզի հրամայուած է, ըսէք՝ ՚Անպիտար ծառաներ ենք, ինչ որ պարտական էինք ընել՝ ըրինք՚։»