Ժամամուտ
Սրբոյն Իգնատիոսի Աստուածազգեաց հայրապետին Անտիոքայ: Զհայրապետականն զարդարեցեր զաթոռ ի յերկրի. Առաքելական առեր զպատիւ յերկնուստ, ծառայ Քրիստոսի ով երանելիդ ի հարս սուրբ հայրապետ: Քանզի քոյ վարդապետութեանդ սերմանք’ բարեպաշտութեան բուսուցին հասկս, ուրախութեան պտուղ հատուցանելով եւ հաւատացելոցս զփրկութիւն շնորհելով: Վասն որոյ բարեխօսեա առ Տէր վասն անձանց մերոց: Ժամամուտ. Քահանայք քո զգեցցին զարդարութիւն. եւ սուրբք քո ցնծալով ցնծասցեն:
Ս. Աստուած
Ս. Աստ. «որ խաչեցար վասն մեր»:
Սաղմոս
Յիշեա Տէր զԴաւիթ. եւ զամենայն հեզութիւն նորա:
Ընթերցուածներ
Ա. Կորնթացիներուն 4, 9-16
9Երանի՛ թագաւորներ ըլլայիք եւ մենք՝ մասնակցէինք ձեր թագաւորութեան։
10Ինծի այնպէս կը թուի, թէ Աստուած, մեզ առաքեալներս յետիններ ըրաւ իբրեւ մահապարտներ, քանի որ ծաղրանքի առարկայ դարձանք աշխարհէ, հրեշտակներու եւ մարդոց։ Մենք յիմարներ եղանք Քրիստոսի համար, իսկ դուք՝ իմաստուններ։ Քրիստոսով մենք տկար, իսկ դուք՝ զօրաւոր։ Դուք փառաւորուած, իսկ մենք՝ անարգուած։
11Նոյնիսկ հիմա, մենք անօթի ենք, ծարաւի, մերկ, չարչարուած ու թափառական։ Աշխատեցանք մեր ձեռքերով։
12Կը բամբասեն մեզ, մենք կ՚օրհնենք։ Կը հալածեն, մենք սիրով յանձն կ՚առնենք։
13Կը չարախօսեն, մենք կը մխիթարենք։ Ողջ աշխարհի նշաւակ եղանք եւ մինչեւ օրս՝ ամենուրեք մերժուած ենք։
14Ձեզ վրդովելու համար չէ որ կը գրեմ ասոնք, այլ՝ խրատելու համար ձեզ իբրեւ սիրելի զաւակներս։
15Նոյնիսկ եթէ հազարաւոր դաստիարակներ ունենաք ի Քրիստոս, սակայն բազմաթիւ հայրեր պիտի չունենաք, որովհետեւ Աւետարանով ես ծնայ ձեզ Քրիստոսի շնորհքին մէջ.
16կ՚աղաչեմ ուրեմն, ինծի նմանեցէք։
Ալէլուիա
Ալէլուիա, ալէլուիա. Քահանայք քո զգեցցին զարդարութիւն. եւ սուրբք քո ցնծալով ցնծասցեն:
Աւետարան
Մարկոս 9, 29-36
29Յիսուս պատասխանեց. «Այս տեսակ դեւերը միայն աղօթքով կ՚ելլեն։»
30Այնտեղէն մեկնելով, անոնք անցան Գալիլիայէն եւ չէր ուզեր որ մէկը իմանայ։
31Որովհետեւ կը սորվեցնէր աշակերտներուն եւ կ՚ըսէր. «Մարդու Որդին պիտի մատնուի մարդոց ձեռքը, պիտի սպաննեն զինք, սակայն մահէն երեք օր ետք յարութիւն պիտի առնէ։»
32Անոնք չէին հասկնար այս խօսքերը եւ կը վախնային Յիսուսի հարցնել։
33Կափառնաում եկան եւ երբ տուն մտան, Յիսուս հարցուց անոնց. «Ճամբան ի՞նչ բանի մասին կը վիճաբանէիք։»
34Անոնք լռեցին, որովհետեւ ճամբան կը վիճաբանէին թէ իրենցմէ ո՞վ է մեծը։
35Յիսուս նստաւ, կանչեց Տասներկուքը եւ ըսաւ անոնց. «Ով որ ուզէ առաջին ըլլալ, թող վերջինը ըլլայ եւ ամենուն ծառայողը։»
36Առաւ մանուկ մը, կեցուց մէջտեղ, գրկեց զայն եւ ըսաւ.