Ժամամուտ
Սրբոյն Թէոպոմպայ եպիսկոպոսին եւ Թէովմայ վկային, եւ չորից զինուորացն Բասոսի, Եւսեբի, Եւտիքի եւ Բասիլիդեայ: Ի տաճարի սրբոց եւ ի յիշատակի սրբոց մարտիրոսաց զձեռս համբառնալով աղաչեմք, բարեխօսութեամբ սոցա եւ աղօթիւք զկենդանութիւնս մեր խաղաղացո, Աստուած, որպէս մարդասէր: Ժամամուտ. Քահանայք քո զգեցցին զարդարութիւն. եւ սուրբք քո ցնծալով ցնծասցեն:
Ս. Աստուած
Ս. Աստ. «որ խաչեցար վասն մեր»:
Սաղմոս
Յիշեա Տէր զԴաւիթ. եւ զամենայն հեզութիւն նորա:
Ընթերցուածներ
Եբրայեցիներուն 12, 1-7
1Այսուհետեւ մենք ալ, որ շրջապատուած ենք վկաներու այսքան մեծ բազմութեամբ, պէտք է թօթափենք ամէն ծանրութիւն կամ մեղք որ մեզ կը կաշկանդէ եւ համբերութեամբ դիմագրաւենք փորձութեան շրջանը որ կը սպասէ մեզի։
2Սեւեռենք մեր աչքերը մեր հաւատքի պետին վրայ, որ գլուխ կը տանի կատարելութեան, Յիսուսի, որ փոխանակ ուրախութեան որ առաջարկուած էր յանձն առաւ կրել խաչը, արհամարհեց անոր նուաստացումը եւ նստաւ Աստուծոյ աթոռին աջ կողմը։
3Մտածեցէք անոր որ այնքան հակառակութիւններ կրեց մեղաւորներու կողմէ, որպէս զի դուք չգայթակղիք՝ ձեր հոգիներուն յոգնութեան պատճառով տակաւին մեղքին չդիմադրեցիք մինչեւ հեղումը ձեր արիւնին։
5Մոռցա՞ք յորդորը որ ձեզի ուղղուած է իբրեւ զաւակներու. Որդեա՛կ, մի՛ արհամարհեր Տիրոջ խրատները եւ մի՛ վհատիր երբ քեզ յանդիմանէ։
6Տէրը կը խրատէ զինք սիրողը, կը տանջէ ամէն որդի զոր կ՚ընտրէ։
7Կը չարչարուիք ձեր դաստիարակութեան համար։ Աստուած ձեզի հետ կը վարուի իբրեւ որդիներու հետ։ Եւ ո՞վ է որդին զոր հայրը չի խրատեր։
Ալէլուիա
Ալէլուիա, ալէլուիա. Մարտիրոսաց ի ձայնէն.
Աւետարան
Մատթէոս 10, 26-33
26«Մի՛ վախնաք ուրեմն անոնցմէ։ Չկայ ծածուկ բան մը որ չյայտնուի, կամ գաղտնիք՝ որ չգիտցուի։
27Ինչ որ ես խաւարին մէջ կ՚ըսեմ ձեզի, դուք լոյսին մէջ յայտարարեցէք։ Ինչ որ ականջին ի վար փսփսալով ըսուի ձեզի, դուք տանիքներու վրայ քարոզեցէք։
28Մի՛ վախնաք անոնցմէ որ մարմինը կը սպաննեն, բայց հոգին չեն կրնար սպաննել։ Դուք վախցէք անկէ, որ հոգին ու մարմինը կրնայ գեհենի մէջ գահավիժել։
29Երկու ճնճղուկ մէկ դահեկանի չե՞ն ծախուիր. եւ սակայն անոնցմէ եւ ոչ մէկը գետին չ՚իյնար առանց ձեր Հօր կամքին։
30Իսկ դուք, ձեր մազերն անգամ համրուած են։
31Դուք ուրեմն աւելի կ՚արժէք քան բոլոր ճնճղուկները։
32Ով որ զիս դաւանի մարդոց առջեւ, ես ալ զինք պիտի դաւանիմ Հօրս առջեւ, որ երկինքն է։
33Իսկ ով որ զիս ուրանայ մարդոց առջեւ, ես ալ զինք պիտի ուրանամ Հօրս առջեւ, որ երկինքն է։»