Ժամամուտ
Որ ըստ ամենայն միտս անցանես զխաղաղութիւն քո, Աստուած, տուր մեզ հանապազ, զքեզ աղաչեմք: Ժամամուտ. Կեցո զծառայս քո Աստուած իմ, որ ի քեզ յուսացայ:
Ս. Աստուած
Ս. Աստ. «որ խաչեցար վասն մեր»:
Սաղմոս
Ողորմեա ինձ Տէր, զի առ քեզ աղաղակեցի զօրհանապազ. ուրախ արա զանձն ծառայի քոյ, զի առ քեզ Տէր համբարձի զանձն իմ:
Ընթերցուածներ
Եբրայեցիներուն 2, 1-10
1Ատոր համար, մենք պարտական ենք աւելի ուշադրութեամբ փարիլ վարդապետութեան զոր լսեցինք, որպէս զի անկէ չզրկուինք։
2Եթէ հրեշտակներու կողմէ ըսուած խօսքը հաստատուեցաւ եւ ամէն օրինազանցութիւն եւ անհնազանդութիւն պատուհասի պատիժ առաւ,
3մենք ինչպէ՞ս պիտի խուսափինք եթէ անհոգ գտնուինք նման փրկութեան մը հանդէպ որ սկսաւ Տիրոջ խօսքով, ապա հաստատուեցաւ մեր մէջ, անոնց կողմէ որ զայն լսեցին
4եւ Աստուած հաստատեց անոնց վկայութիւնը նշաններով, սքանչելիքներով եւ ամէն տեսակ հրաշքներով, ինչպէս նաեւ Ս. Հոգիին պարգեւներով զոր կը բաժնէ ըստ իր կամքին։
5Աստուած հրեշտակներուն չհպատակեցուց հանդերձեալ աշխարհը, որուն մասին կը խօսինք։
6Մէկը տեղ մը այսպէս վկայեց եւ ըսաւ. Ի՞նչ է մարդը որ դուն յիշես զինք, կամ մարդու որդին՝ որ այցելես անոր.
7Խոնարհեցուցիր զինք հրեշտակներէն աւելի վար եւ ապա պսակեցիր փառքով եւ պատիւով։ Կարգեցիր զինք քու ձեռակերտներուդ վրայ։
8Ամէն բան հնազանդեցուցիր անոր ոտքերուն առջեւ։ Արդ՝ քանի որ ամէն բան անոր հնազանդեցուց, ոչինչ թողուց որ անոր չհնազանդի։ Ներկայիս սակայն, չենք տեսներ թէ ամէն բան անոր հպատակած է։
9Կը տեսնենք Յիսուսը խոնարհած հրեշտակներէն աւելի վար, բայց կը տեսնենք զինք նաեւ պսակուած փառքով եւ պատիւով, որովհետեւ մահուան չարչարանքը կրեց։ Հարկ էր որ Աստուծոյ շնորհքով, մարդոց օգուտին համար մահը ճաշակէր։
10Յարմար էր որ ուզելով բազմաթիւ որդիներ փառքի առաջնորդել Ան որուն համար եւ որով է ամէն բան, չարչարանքներով սրբացնէր Գլուխը՝ որ փրկութեան պիտի առաջնորդէր անոնց։
Ալէլուիա
Ալէլուիա, ալէլուիա. Պահոց ի ձայնէն.
Աւետարան
Ղուկաս 17, 11-19
11Եւ մինչ Յիսուս դէպի Երուսաղէմ կ՚երթար, անցաւ Սամարիայէն ու Գալիլիայէն։
12Գիւղի մը մուտքին, տասը բորոտներ իրեն հանդիպեցան։
13Անոնք հեռուն կանգ առին եւ իրենց ձայնը բարձրացնելով՝ ըսին. «Յիսուս, Վարդապետ, գթա՛ մեր վրայ։»
14Տեսնելով զանոնք, Յիսուս ըսաւ. «Գացէք եւ դուք ձեզ ցոյց տուէք քահանաներուն։» Մինչ կ՚երթային՝ մաքրուեցան։
15Անոնցմէ մէկը, որ Սամարացի էր, տեսնելով թէ բուժուած է, վերադարձաւ Աստուծոյ փառք տալով բարձրաձայն։
16Երեսը դէպի գետին, ինկաւ Յիսուսի ոտքերուն առջեւ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց։
17Յիսուս հարցուց. «Միթէ տասն ալ չմաքրուեցա՞ն. ո՞ւր են միւս ինները։
18Այս օտարազգիէն զատ չգտնուեցա՞ւ անոնց մէջ մէկը որ գար եւ փառք տար Աստուծոյ։»
19Եւ ըսաւ անոր. «Ոտքի ե՛լ եւ գնա՛, հաւատքդ քեզ փրկեց։»