Ժամամուտ
Սրբոյն Ադդէի հայրապետին եւ Աբգարու Թագաւորին: Ի տաճարի սրբոց եւ ի յիշատակի սրբոց մարտիրոսաց զձեռս համբառնալով աղաչեմք, բարեխօսութեամբ սոցա եւ աղօթիւք զկենդանութիւնս մեր խաղաղացո, Աստուած, որպէս մարդասէր: Ժամամուտ. Քահանայք քո զգեցցին զարդարութիւն. եւ սուրբք քո ցնծալով ցնծասցեն:
Ս. Աստուած
Ս. Աստ. «որ խաչեցար վասն մեր»:
Սաղմոս
Յիշեա Տէր զԴաւիթ. եւ զամենայն հեզութիւն նորա:
Ընթերցուածներ
Բ. Կորնթացիներուն 6, 1 - 10
1Քանի որ անոր գործակիցներն ենք, կ՚աղաչեմ ձեզի, ի զուր մի՛ ընդունիք Աստուծոյ շնորհքը։
2Արդարեւ, Աստուած կ՚ըսէ. Յարմար ժամանակին քեզ լսեցի, փրկութեան օրը քեզի օգնեցի։ Ահաւասիկ հիմա է նպաստաւոր ժամը, հիմա է փրկութեան օրը։
3Ո՛չ մէկուն գայթակղութեան առիթ չենք տար, որպէս զի մեր առաքելութիւնը չարատաւորուի։
4Ընդհակառակն, մենք մեզ իբրեւ Աստուծոյ պաշտօնեաներ, կ՚ընծայենք ամէն բանի մէջ մեծ համբերութեամբ. նեղութիւններու, կարիքներու, անձկութիւններու,
5վիշտերու, բանտերու, խռովութիւններու, տքնաջան աշխատանքի, հսկումներու եւ պահքերու մէջ,
6սրբութեամբ, գիտութեամբ, համբերութեամբ, հեզութեամբ, Սուրբ Հոգիով, անկեղծ սիրով,
7ճշմարտութեան խօսքով, Աստուծոյ զօրութեամբ, արդարութեան զէնքերով՝ յարձակողական կամ պաշտպանողական,
8պատիւներու մէջ կամ նուաստութեան, պարսաւանքով կամ գովասանքով։
9Համարուեցանք խաբեբաներ, սակայն ճշմարիտ ենք։ Անծանօթներ՝ սակայն հռչակուած ենք, մահուան դատապարտուած՝ սակայն տակաւին ողջ ենք։ Սահմանուած պատուհասի՝ սակայն մահէն խուսափեցանք։
10Իբր տխուր մարդիկ՝ սակայն միշտ ուրախ ենք։ Աղքատներ՝ սակայն այնքաններ կը հարստացնենք։ Չքաւորներ՝ սակայն ամէն բան ունինք։
Ալէլուիա
Ալէլուիա, ալէլուիա. Տէր ի զօրութեան քում ուրախ եղիցի թագաւորն. եւ ի փրկութեան քում ցնծասցէ յոյժ:
Աւետարան
Ղուկաս 9, 1 - 6
1Յիսուս կանչեց Տասներկուքը, տուաւ անոնց զօրութիւն եւ իշխանութիւն դեւերու վրայ եւ կարողութիւն՝ բուժելու հիւանդութիւնները։
2Ղրկեց զանոնք քարոզելու Աստուծոյ Արքայութիւնը եւ բուժելու ախտաժէտները։
3Եւ պատուիրեց անոնց. «Ճամբորդութեան համար մի՛ առնէք ո՛չ գաւազան, ո՛չ մախաղ, ո՛չ հաց, ո՛չ դրամ եւ ո՛չ ալ երկու հագուստ։
4Որեւիցէ տուն ուր մտնէք մնացէք այնտեղ եւ անկէ մեկնեցէք։
5Եթէ ձեզ չընդունին, երբ ելլէք այն քաղաքէն, թօթուեցէ՛ք ձեր ոտքերուն փոշին՝ իբրեւ վկայութիւն անոնց դէմ։»
6Անոնք մեկնեցան ու գացին քաղաքներն ու գիւղերը, կը քարոզէին Աւետարանը եւ ամէն տեղ կը բուժէին։