Ժամամուտ
Որ ըստ ամենայն միտս անցանես զխաղաղութիւն քո, Աստուած, տուր մեզ հանապազ, զքեզ աղաչեմք: Ժամամուտ. Տեսին ամենայն ծագք երկրի զփրկութիւն Աստուծոյ մերոյ:
Ս. Աստուած
Ս. Աստ. «որ խաչեցար վասն մեր»:
Սաղմոս
Օրհնեցէք զՏԷր յօրհնութիւն նոր, զի սքանչելիս արար:
Ընթերցուածներ
Եբրայեցիներուն 3, 12 - 4, 10
12Զգոյշ եղէք, եղբայրներ, որ ձեզմէ մէկուն մէջ չգտնուի անհաւատութեան չար սիրտ մը, ապստամբ՝ կենսատու Աստուծոյ դէմ։
13Այլ ամէն օր փոխադարձաբար զիրար մխիթարեցէք, ցորքան «այսօր»ը ի զօրու է, որպէս զի ձեզմէ ո՛չ մէկը կարծրանայ մեղքի հմայքէն խաբուած։
14Մենք բաժնեկից եղանք Քրիստոսի, միայն թէ մինչեւ վերջ անխախտ պահենք մեր սկզբնական վստահութիւնը։
15Այս խօսքերուն մէջ՝ այսօր եթէ լսէք անոր ձայնը, մի՛ կարծրացնէք ձեր սրտերը, ինչպէս Դառնութեան ատեն,
16քանի որ ոմանք լսելէն ետք ըմբոստացան. բայց ո՛չ ամէն անոնք որ Մովսէսի ձեռքով Եգիպտոսէն ելան։
17Եւ որո՞նց դէմ զայրացաւ քառասուն տարի շարունակ։ Յանցաւորներու դէմ որոնց դիակները ինկան անապատին մէջ։
18Եւ որո՞նց երդում ըրաւ թէ պիտի չմտնեն իր հանգիստին մէջ, եթէ ոչ անհաւատներուն։
19Եւ մենք կը տեսնենք թէ իրապէս անոնք չկրցան մտնել իրենց անհաւատութեան պատճառով։
1Վախնանք ուրեմն, որ անոր հանգիստին մէջ մտնելու խոստումը լքելով, չգտնուի ձեր մէջ մէկը որ ուշացած է։
2Որովհետեւ անոնց պէս, մենք ալ աւետիս մը ստացանք։ Խօսքը զոր լսած էին, անոնց օգուտ չունեցաւ, որովհետեւ հաւատքով չհաղորդակցեցան անոնց հետ՝ որոնք լսած էին։
3Իսկ մենք որ հաւատացինք՝ կը մտնենք հանգիստին մէջ, ինչպէս որ գրուած է. Բարկութեանս ատեն երդում ըրի՝ թէ պիտի մտնեն իմ հանգիստիս մէջ, թէպէտ Աստուծոյ գործերը կատարուած էին աշխարհի հաստատութենէն ետք։
4Քանի որ եօթներորդ օրուան մասին խօսելով՝ կ՚ըսէ. Աստուած եօթներորդ օրը հանգչեցաւ իր բոլոր գործերէն։
5Եւ հոս դարձեալ կ՚ըսէ. Ո՛չ, պիտի չմտնեն իմ հանգիստիս մէջ։
6Այսպէս ուրեմն, քանի որ ոմանք չկրցան մտնել եւ նախապէս անոնք որ աւետիսը ընդունած էին չմտան իրենց անհաւատութեան պատճառով,
7Աստուած դարձեալ սահմանեց օր մը, այսօր մը, երկար ժամանակ ետք Դաւիթի բերնով ըսելով, ինչպէս որ ըսուեցաւ վերեւ. Այսօր եթէ լսէք անոր ձայնը, մի՛ կարծրացնէք ձեր սրտերը։
8Եթէ Յեսու մոցուցած ըլլար Իսրայէլացիները այս հանգիստին մէջ, Աստուած յետագային ուրիշ օրուան մը մասին պիտի չխօսէր։
9Ուրեմն հանգիստ մը, եօթներորդ օրուան հանգիստը վերապահուած է Աստուծոյ ժողովուրդին։
10Որովհետեւ ով որ մտած է հանգիստին մէջ, կը հանգչի իր գործերէն, ինչպէս Աստուած կը հանգչի իր գործերէն։
Ալէլուիա
Ալէլուիա, ալէլուիա. Պահոց ի ձայնէն.
Աւետարան
Ղուկաս 18, 1 - 8
1Յիսուս առակ մըն ալ պատմեց անոնց թէ միշտ պէտք է աղօթել ու բնաւ չվհատիլ։
2Ըսաւ անոնց. «Քաղաքի մը մէջ դատաւոր մը կար որ ոչ Աստուծմէ կը վախնար եւ ոչ ալ մարդոցմէ կ՚ամչնար։
3Նոյն քաղաքին մէջ , այրի կին մըն ալ կար, որ ստէպ կու գար եւ կ՚ըսէր դատաւորին. ՚Դատս տես հակառակորդիս հետ՚։
4Երկար ատեն մերժեց, բայց ի վերջոյ ըսաւ. ՚Թէպէտ Աստուծմէ չեմ վախնար եւ մարդոցմէ չեմ ամչնար, սակայն այս այրիին տուած յոգնութեան համար,
5տեսնեմ դատը, որպէս զի միշտ չգայ եւ զիս չձանձրացնէ՚։»
6Եւ Տէրը աւելցուց. «Լսեցէ՛ք ինչ ըսաւ անիրաւ դատաւորը։
7Իսկ Աստուած արդարութիւն պիտի չընէ՞ իր ընտրեալներուն, որ իրեն կ՚աղաղակեն գիշեր ցորեկ, կամ միայն պիտի սպասցնէ՞ զանոնք։
8Կ՚ըսեմ ձեզի, շուտով արդարութիւն պիտի ընէ անոնց։ Իսկ Մարդու Որդին երբ գայ, արդեօ՞ք հաւատք պիտի գտնէ երկրի վրայ։»