Ժամամուտ
Սրբոյն Ինդոսի Ներքինւոյն եւ Դոմնալի կուսին, եւ Գղերիկոսի քահանային, եւ Երկուց բիւրուցն, որ այրեցան յեկեղեցին Նիկոմիդացւոց: Ի տաճարի սրբոց եւ ի յիշատակի սրբոց մարտիրոսաց զձեռս համբառնալով աղաչեմք, բարեխօսութեամբ սոցա եւ աղօթիւք զկենդանութիւնս մեր խաղաղացո, Աստուած, որպէս մարդասէր: Ժամամուտ. Անցաք մեք ընդ հուր եւ ընդ ջուր. եւ հաներ զմեզ ի հանգիստ:
Զհայրապետականն զարդարեցեր զաթոռ ի յերկրի. Առաքելական առեր զպատիւ յերկնուստ, ծառայ Քրիստոսի ով երանելիդ ի հարս սուրբ հայրապետ: Քանզի քոյ վարդապետութեանդ սերմանք’ բարեպաշտութեան բուսուցին հասկս, ուրախութեան պտուղ հատուցանելով եւ հաւատացելոցս զփրկութիւն շնորհելով: Վասն որոյ բարեխօսեա առ Տէր վասն անձանց մերոց: Ժամամուտ. Քահանայք քո զգեցցին զարդարութիւն. եւ սուրբք քո ցնծալով ցնծասցեն:
Ս. Աստուած
Ս. Աստ. «որ խաչեցար վասն մեր»:
Սաղմոս
Աղաղակեցէք առ Աստուած ամենայն երկիր. սաղմոս ասացէք անուան նորա, եւ տուք զփառս օրհնութեան նորա:
Յիշեա Տէր զԴաւիթ. եւ զամենայն հեզութիւն նորա:
Ընթերցուածներ
Ա. Պետրոսի 4, 12-19
12Սիրելինե՛ր, տարօրինակ մի՛ գտնէք հրդեհը որ տագնապներ կը գործէ ձեր մէջ, ձեզ փորձելու համար, իբրեւ թէ արտասովոր բան մը պատահած ըլլար ձեզի։
13Այլ՝ իբրեւ հաղորդակից Քրիստոսի չարչարանքներուն, ուրախացէ՛ք, որպէս զի անոր փառքին յայտնութեան ժամանակ, ցնծալով բերկրիք։
14Երանի՛ ձեզի, եթէ նախատինք կրէք Քրիստոսի անունին համար, որովհետեւ փառքի Հոգին որ Աստուծոյ Հոգին է՝ պիտի հանգչի ձեր վրայ։
15Ձեզմէ եւ ո՛չ մէկը թող չարչարուի իբրեւ սպաննող, կամ չարագործ, կամ մատնիչ.
16իսկ եթէ իբրեւ քրիստոնեայ կը տանջուի՝ թող նուաստացում չհամարի, այլ՝ փառք տայ Աստուծոյ այս անունով։
17Որովհետեւ հասած է ժամանակը եւ դատաստանը կը սկսի Աստուծոյ տունէն։ Եթէ դատաստանը կը սկսի մեզմով, ի՞նչ պիտի ըլլայ ուրեմն վախճանը անոնց որոնք մերժեցին հաւատալ Աստուծոյ Աւետարանին։
18Եթէ արդարը հազիւ կը փրկուի, ի՞նչ պիտի ըլլան ամբարիշտն ու մեղաւորը։
19Այսպէս, անոնք որոնք կը չարչարուին աստուածային կամքին համաձայն, թող իրենց հոգին վստահին հաւատարիմ Արարչին՝ բարիք ընելով։
Եբրայեցիներուն 13, 7-9
7Յիշեցէ՛ք ձեր առաջնորդները որոնք աւետեցին ձեզի Աստուծոյ խօսքը, եւ դիտելով անոնց կեանքին վախճանը՝ հետեւեցէք անոնց հաւատքին։
8Յիսուս Քրիստոս, երէկ եւ այսօր, նոյնն է միշտ եւ յաւիտեան։
9Տեսակտեսակ եւ օտարաձայն վարդապետութիւններու մէջ մի՛ դանդաջէք։ Լաւ է որ սիրտը հաստատուի աւելի շնորհքով քան այնպիսի կերակուրներով՝ որոնք օգուտ չունեցան ճաշակողներուն։
Ալէլուիա
Ալէլուիա, ալէլուիա. Անցաք մեք ընդ հուր եւ ընդ ջուր. եւ հաներ զմեզ ի հանգիստ:
Ալէլուիա, ալէլուիա. Քահանայք քո զգեցցին զարդարութիւն. եւ սուրբք քո ցնծալով ցնծասցեն:
Աւետարան
Յովհաննէս 15, 17-25
17Այս է իմ պատուէրս. զիրար սիրեցէ՛ք։»
18«Եթէ աշխարհ ձեզ ատէ, գիտցէք որ նախ զիս ատեց։
19Եթէ ըլլայիք այս աշխարհէն, աշխարհը անշուշտ պիտի սիրէր իրենները։ Բայց դուք աշխարհէն չէք, քանի որ ես ձեզ ընտրեցի եւ զատեցի աշխարհէն, ասոր համար աշխարհը ձեզ կ՚ատէ։
20Յիշեցէ՛ք խօսքը զոր ձեզի ըսած էի, ծառան աւելի մեծ չէ քան իր տէրը։ Եթէ զիս հալածեցին, ձեզ ալ կը հալածեն։ Եթէ իմ խօսքս պահեցին, ձերն ալ կը պահեն։
21Ամէն բան պիտի ընեն ձեզի, իմ անունիս պատճառով, որովհետեւ չճանչցան ան որ զիս ղրկեց։
22Եթէ ես եկած եւ անոնց խօսած չըլլայի, մեղք չէին ունենար. բայց հիմա արդարացում չունին իրենց մեղքին։
23Ով որ զիս կ՚ատէ, Հայրն ալ կ՚ատէ։
24Եթէ ես ըրած չըլլայի անոնց մէջ գործերը, զորս ուրիշ ոչ ոք ըրած է, մեղք չէին ունենար, բայց հիմա տեսան, եւ սակայն ատեցին թէ՛ զիս, թէ՛ իմ Հայրս։
25Եւ այսպէս կը կատարուի խօսքը որ գրուած է անոնց Օրէնքին մէջ. Առանց պատճառի ատեցին զիս։
Մատթէոս 16, 13-19
13Փիլիպպեան Կեսարիոյ կողմերը հասնելով, Յիսուս կը հարցնէ աշակերտներուն. «Ո՞վ կը կարծեն մարդիկ թէ ըլլայ Մարդու Որդին։»
14«Ոմանք, պատասխանեցին անոնք, Յովհաննէս Մկրտիչը, ուրիշներ՝ Եղիան, ուրիշներ՝ Երեմիան կամ մէկը մարգարէներէն։»
15«Իսկ դուք, ըսաւ անոնց, ո՞վ կը կարծէք որ ըլլամ։»
16Սիմոն Պետրոս պատասխանեց. «Դուն ես Քրիստոսը, կենդանի Աստուծոյ Որդին։»
17Յիսուս խօսք առնելով՝ աւելցուց. «Երանի՛ քեզի, Սիմոն, որդի Յովնանի, որովհետեւ մարմինն ու արիւնը չտուին քեզի այս յայտնութիւնը, այլ՝ Հայրս որ երկինքն է։
18Եւ ես կ՚ըսեմ քեզի. «Դուն ես Վէմը եւ ես այդ վէմին վրայ պիտի կառուցանեմ իմ Եկեղեցիս եւ դժոխքի դռները պիտի չյաղթահարեն անոր։
19Պիտի տամ քեզի երկինքի Արքայութեան բանալիները. ինչ որ կապես երկրի վրայ՝ կապուած պիտի ըլլայ երկինքի մէջ եւ ինչ որ քակես երկրի վրայ՝ քակուած պիտի ըլլայ երկինքի մէջ։»