Ժամամուտ
Ժամամուտ. Միածին Որդի եւ բանդ Աստուած, եւ անմահ էութիւն. որ յանձն առեր մարմնանալ ի սրբուհւոյ Աստուածածնէն եւ ի միշտ կուսէն. անփոփոխելիդ մարդ եղեալ խաչեցար Քրիստոս Աստուած, մահուամբ զմահ կոխեցեր. մինդ ի սրբոյ Երրորդութենէն փառաւորակից ընդ Հօր եւ ընդ սրբոյ Հոգւոյն, կեցո զմեզ:
Ս. Աստուած
Ս. Աստ. «որ յարեար ի մեռելոց»:
Սաղմոս
Քեզ վայելէ օրհնութիւն Աստուած ի Սիոն. Եւ քեզ տացին աղօթք յԵրուսաղէմ: Լուր աղօթից իմոց. Զի առ քեզ ամենայն մարմին եկեսցէ:
Ընթերցուածներ
Եբրայեցիներուն 4, 16 - 5, 10
16Համարձակութեամբ մօտենանք շնորհքի գահին, որպէս զի ընդունինք գթութիւն եւ շնորհք գտնենք այն ժամանակ երբ պէտք ունինք օգնութեան։
1Ամէն քահանայապետ, ընտրուած մարդոց մէջէն, հաստատուած է միջնորդելու համար ի նպաստ մարդոց, ասոնց յարաբերութիւններու մէջ Աստուծոյ հետ եւ մատուցանելու համար պատարագներ եւ զոհեր՝ մեղքերու թողութեան համար։
2Կարող է չարչարակից ըլլալ տգէտներու եւ մոլորեալներու, քանի որ ինքն ալ զգացուած է տկարութեամբ։
3Այս տկարութեան համար պարտի ինքնիր ինչպէս նաեւ ժողովուրդին մեղքերուն թողութեան համար զոհեր մատուցանել։
4Ո՛չ ոք կրնայ այս պատիւը ինքնիրեն տալ, այլ տրուած է միայն անոր որ Աստուծմէ կանչուած է, ինչպէս Ահարոն։
5Նոյնպէս նաեւ Քրիստոս, ինքնիրեն չտուաւ պատիւն ըլլալու քահանայապետ, այլ՝ զայն ստացաւ անկէ որ իրեն ըսաւ. Դուն ես իմ Որդին, ես այսօր քեզ ծնայ,
6ինչպէս նաեւ ուրիշ տեղ կ՚ըսէ. Դուն ես քահանայ յաւիտեան, ըստ կարգին Մելքիսեդեկի։
7Ինքն էր որ երկրաւոր կեանքի օրերուն աղօթքներ եւ պաղատանքներ մատոյց բարձրաձայն եւ արտասուքով, Անոր որ կրնար զինք մահէն ազատել եւ լսելի եղաւ իր հնազանդութեան համար։
8Ինք, Որդի ըլլալով հանդերձ, չարչարանքով հնազանդութիւն սորվեցաւ։
9Կատարելութեան հասնելէն ետք, յաւիտենական փրկութիւն եղաւ անոնց որոնք իրեն կը հնազանդին,
10քանի Աստուած զինք անուանեց քահանայ ըստ կարգին Մելքիսեդեկի։
Ալէլուիա
Ալէլուիա, ալէլուիա. Յարութեան ի ձայնէն.
Աւետարան
Ղուկաս 18, 9-14
9Առակ մըն ալ պատմեց այն մարդոց համար, որոնք իրենք զիրենք արդար համարելով՝ կ՚արհամարհեն ուրիշները։
10«Երկու մարդիկ, ըսաւ Յիսուս, Տաճար ելան աղօթելու. մէկը Փարիսեցի, միւսը՝ մաքսաւոր։
11Փարիսեցին ոտքի կանգնած մեկուսի այսպէս կ՚աղօթէր. ՚Աստուած իմ, շնորհակալ եմ քեզի որ ես ուրիշներու պէս չեմ, որոնք գող են, չարագործ կամ շնացող եւ ոչ ալ այս մաքսաւորին նման։
12Շաբաթը երկու անգամ ծոմ կը պահեմ, բոլոր եկամուտներէս տասանորդ կը վճարեմ՚։
13Մաքսաւորը մեկուսի կեցած, նոյնիսկ աչքերը դէպի երկինք չէր բարձրացներ, այլ կուրծքը բախելով՝ կ՚ըսէր. ՚Աստուած իմ, ներէ՛ ինծի, մեղաւոր եմ՚։
14Կ՚ըսեմ ձեզի, ասիկա տուն իջաւ աւելի արդարացած քան միւսը։ Որովհետեւ ով որ ինքզինք բարձրացնէ՝ պիտի խոնարհի եւ ով որ ինքզինք կը խոնարհեցնէ՝ պիտի բարձրանայ։»