Ժամամուտ
Սրբոյն Աբրահամու եւ Խորենայ, եւ անարծաթ բժշկացն Կոզմայի եւ Դամիանոսի: Ի տաճարի սրբոց եւ ի յիշատակի սրբոց մարտիրոսաց զձեռս համբառնալով աղաչեմք, բարեխօսութեամբ սոցա եւ աղօթիւք զկենդանութիւնս մեր խաղաղացո, Աստուած, որպէս մարդասէր: Ժամամուտ. Պատուական է առաջի Տեառն մահ սրբոց իւրոց. ո’ Տէր, ես ծառայ քո եմ, ծառայ եւ որդի աղախնոյ քոյ:
Ս. Աստուած
Ս. Աստ. «որ խաչեցար վասն մեր»:
Սաղմոս
Հաւատացի զոր եւ խօսեցայ. եւ ես խոնարհ եղէ յոյժ:
Ընթերցուածներ
Բ. Տիմոթէոսին 3, 10-15
10Իսկ դուն, հետեւեցար իմ վարդապետութեանս, առաջնորդութեանս, ծրագիրներուս, հաւատքիս, համբերութեանս, սիրոյս, յարատեւութեանս,
11հալածանքներուս, նեղութիւններուս զորս կրեցի Անտիոք, Իկոնիա, Լիւստրոս։ Որքա՛ն հալածանքներ կրեցի, սակայն Տէրը փրկեց զիս։
12Այո՛, անոնք որ կ՚ուզեն աստուածպաշտութեամբ ապրիլ Քրիստոսի մէջ, պիտի հալածուին։
13Իսկ մեղաւորներն ու կախարդները, աւելի առաջ պիտի երթան չարութեան մէջ, մոլորած են եւ ուրիշներ ալ պիտի մոլորեցնեն։
14Իսկ դուն հաստատ մնացիր սորվածիդ մէջ եւ որուն հաւատարիմ եղար։ Գիտես թէ որմէ՛ սորվեցար զայն։
15Որովհետեւ մանկութենէդ ի վեր գիտես Սուրբ Գիրքը։ Ան կարող է քեզի տալ իմաստութիւն, որ հաւատքով ի Քրիստոս Յիսուս, կ՚առաջնորդէ դէպի փրկութիւն։
Ալէլուիա
Ալէլուիա, ալէլուիա. Մարտիրոսաց ի ձայնէն.
Աւետարան
Ղուկաս 12, 32-40
32«Մի՛ վախնար, հօտ փոքրիկ, որովհետեւ ձեր Հայրը հաճեցաւ տալ ձեզի Արքայութիւնը։
33Ծախեցէ՛ք ձեր ինչքերը եւ բաժնեցէք իբրեւ ողորմութիւն։ Շինեցէ՛ք ձեզի անմաշ քսակներ եւ անսպառ գանձ՝ երկինքի մէջ, ուր ո՛չ գողը կը մօտենայ, ո՛չ ալ ցեցը կը կրծէ։
34Որովհետեւ հոն ուր ձեր գանձն է, հոն պիտի ըլլայ նաեւ ձեր սիրտը։»
35«Եղէ՛ք միշտ պատրաստ, գօտիները կապուած մէջքին եւ ճրագները վառուած։
36Նմանեցէք մարդոց՝ որոնք կը սպասեն իրենց տիրոջ, թէ ե՛րբ կը վերադառնայ հարսանիքէն, որպէս զի հազիւ հասնի եւ դուռը թակէ՝ իսկոյն բանան անոր։
37Երանի՛ այն ծառաներուն, եթէ տէրը վերադարձին արթուն գտնէ զանոնք։ Ճշմարիտ կ՚ըսեմ ձեզի, ինք գօտի պիտի կապէ, պիտի բազմեցնէ զանոնք սեղան եւ պիտի ծառայէ անոնց։
38Դեռ աւելի երանի՛ անոնց, եթէ տէրը գայ երկրորդ կամ երրորդ ժամուն եւ այնպէս պատրաստ գտնէ զանոնք։
39Լա՛ւ հասկցէք ասիկա. եթէ տանտէրը գիտնար ժամը երբ գողը կու գայ, չէր թողուր որ իր տունը կողոպտէ։
40Դուք ալ ուրեմն պատրաստ եղէք, որովհետեւ ձեր չակնկալած ժամուն պիտի գայ Մարդու Որդին։»