Ժամամուտ
Սրբոյն Դաւթի մարգարէին եւ Յակոբայ առաքելոյն Տեառն եղբօրն: Ժամամուտ. Տէր որ հիմնեցուցեր զեկեղեցի քո ի վերայ վիմին հաւատով. եւ կարգեցեր ի սմա առաքեալս եւ մարգարէս, Հովիւս եւ վարդապետս’ առ ի հաստատութիւն սրբոց. եւ ճգնութեամբ վկայից զթշնամին սորա վանեցեր. ի խաղաղութեան զսա պահեա, Աստուած, որպէս մարդասէր:
Սրբոյն Յիզտբուզտի վկային, որ թարգմանի Աստուածատուր: Ի տաճարի սրբոց եւ ի յիշատակի սրբոց մարտիրոսաց զձեռս համբառնալով աղաչեմք, բարեխօսութեամբ սոցա եւ աղօթիւք զկենդանութիւնս մեր խաղաղացո, Աստուած, որպէս մարդասէր: Ժամամուտ. Պատուական է առաջի Տեառն մահ սրբոց իւրոց. ո՛ Տէր, ես ծառայ քո եմ, ծառայ եւ որդի աղախնոյ քոյ:
Ս. Աստուած
Ս. Աստ. «որ խաչեցար վասն մեր»:
Սաղմոս
Յիշեա Տէր զԴաւիթ. եւ զամենայն հեզութիւն նորա: Որպէս երդուաւ Տեառն. եւ ուխտս եդ Աստուծոյ Յակովբայ:
Հաւատացի զոր եւ խօսեցայ. եւ ես խոնարհ եղէ յոյժ:
Ընթերցուածներ
Յակոբի 1, 1-12
1Յակոբ, Աստուծոյ եւ Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի ծառայ Սփիւռքի տասներկու ցեղերուն՝ ողջոյն։
2Եղբայրնե՛ր, ամէն ուրախութեան արժանի համարեցէ՛ք դուք ձեզ, երբ ամէն տեսակ նեղութիւններու մէջ իյնաք։
3Դուք գիտէք, թէ լաւ փորձուած հաւատքը համբերութիւն կը բերէ,
4իսկ համբերութեան պտուղ է ընկերանալ բարի գործը, որպէս զի ըլլաք կատարեալ, անբասիր եւ զերծ ամէն թերութենէ։
5Եթէ ձեզմէ մէկուն իմաստութիւն պակսի, թող խնդրէ զայն Աստուծմէ որ ամենուն կու տայ առատօրէն առանց յանդիմանելու, եւ պիտի տրուի իրեն։
6Սակայն թող հաւատքով խնդրէ, առանց տարակուսելու, որովհետեւ տարակուսող մարդը կը նմանի ծովուն հողմակոծ եւ տատանող ալիքներուն։
7Այսպիսին թող ակնկալութիւն չունենայ Աստուծմէ բան մը ընդունելու։
8Երկմիտ մարդը անհաստատ է իր բոլոր ճամբաներուն մէջ։
9Վիճակով համեստ եղբայրը թող պարծի իր բարձրացումով,
10իսկ հարուստը՝ իր խոնարհութեամբ, որովհետեւ պիտի անցնի խոտի ծաղիկի նման։
11Որովհետեւ արեւը ծագեց խորշակով հանդերձ, ցամքեցուց խոտը եւ ծաղիկը թօթափեցաւ ու անհետացաւ անոր տեսքին վայելչութիւնը։ Այսպէս պիտի թառամի մեծահարուստը իր բոլոր շահերով։
12Երանի՛ մարդուն որ նեղութիւններուն կը համբերէ. անոր արժանիքը պիտի յայտնուի եւ պիտի ընդունի կեանքի պսակը զոր Տէրը խոստացաւ զինք սիրողներուն։
Բ. Տիմոթէոսին 2, 3-10
3Իբրեւ ընտիր զինուոր Քրիստոսի, ա՛ռ չարչարանքի բաժինդ։
4Զինուորագրուողը չի պարապիր աշխարհէ գործերով եթէ կ՚ուզէ հաճելի ըլլալ զօրավարին։
5Նմանապէս մարտիկը, պսակը չ՚ընդունիր եթէ չմարտնչի օրէնքի համաձայն։
6Չարքաշ աշխատող մշակը, նախ ի՛նք իրաւունք ունի վայելելու հունձքի պտուղը։
7Հասկցիր թէ ինչ կ՚ուզեմ ըսել. Տէրը թող տայ քեզի իմաստութիւն ամէն բանի մէջ։
8Յիշէ Յիսուս Քրիստոսը՝ յարուցեալ ի մեռելոց, Դաւիթի ցեղէն՝ իմ Աւետարանիս համաձայն։
9Անոր համար կը չարչարուիմ եւ մինչեւ իսկ չարագործի կապանքներ կը կրեմ։ Աստուծոյ խօսքը սակայն չէ շղթայուած։
10Կը կրեմ ամէն բան, ընտրեալներուն համար, որպէս զի անոնք ալ հասնին փրկութեան, յաւիտենական կեանքով հանդերձ, Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ։
Ալէլուիա
Ալէլուիա, ալէլուիա. Երդուաւ Տէր Դաւթի ճշմարտութեամբ,եւ ոչ ստեաց նմա. ի պտղոյ որովայնէ նորա նստուցանել յաթոռ նորա:
Ալէլուիա, ալէլուիա. Մարտիրոսաց ի ձայնէն.
Աւետարան
Մատթէոս 22, 41-46
41Մինչ Փարիսեցիները հաւաքուած էին, Յիսուս այս հարցումն ուղղեց անոնց.
42«Ի՞նչ է ձեր կարծիքը Քրիստոսի մասին, որո՞ւ որդին է։» Անոնք պատասխանեցին՝ «Դաւիթի։»
43«Ի՞նչպէս ուրեմն, աւելցուց Յիսուս, Դաւիթ ներշնչուած Սուրբ Հոգիէն, զինք Տէր կը կոչէ եւ կ՚ըսէ.
44Տէրն ըսաւ իմ Տիրոջս. Բազմէ՛ աջ կողմս, Մինչեւ որ թշնամիներդ պատուանդան դնեմ ոտքերուդ։
45Եթէ Դաւիթ զինք Տէր կը կոչէ, ի՞նչպէս անոր որդին կ՚ըլլայ։»
46Ո՛չ ոք կրցաւ պատասխանել եւ այն օրէն անդին ո՛չ ոք համարձակեցաւ իրեն հարցում ուղղել։
Մատթէոս 10, 16-22
16«Ահաւասիկ ես կը ղրկեմ ձեզ իբրեւ ոչխարներ՝ գայլերու մէջ։ Խորամանկ եղէք օձերու պէս եւ միամիտ՝ աղաւնիներու նման։
17Զգուշացէք մարդոցմէ. ձեզ պիտի յանձնեն ատեաններու եւ պիտի ձաղկեն ժողովարաններու մէջ։
18Պիտի տարուիք կառավարիչներու եւ թագաւորներու առջեւ՝ իմ պատճառովս, վկայելու համար անոնց եւ հեթանոսներու առջեւ։
19Բայց երբ ձեզ յանձնեն ատեաններու, մի՛ մտահոգուիք թէ ի՛նչ պիտի խօսիք կամ ի՛նչ պիտի ըսէք։ Ձեր խօսելիքը ձեզի պիտի տրուի նոյն ժամուն։
20Որովհետեւ դուք չէք որ պիտի խօսիք, այլ՝ ձեր Հօր Հոգին պիտի խօսի ձեր սրտերուն մէջ։
21Եղբայրը մահուան պիտի մատնէ իր եղբայրը եւ հայրը՝ իր որդին։ Զաւակները պիտի ծառանան իրենց ծնողներուն դէմ ու զանոնք մահուան դատապարտել պիտի տան։
22Իմ անունիս համար, ամէնքը ձեզ պիտի ատեն։ Բայց ով որ դիմանայ մինչեւ վերջ՝ պիտի փրկուի։