Ժամամուտ
Որ ըստ ամենայն միտս անցանես զխաղաղութիւն քո, Աստուած, տուր մեզ հանապազ, զքեզ աղաչեմք: Ժամամուտ. Կեցո զծառայս քո Աստուած իմ, որ ի քեզ յուսացայ:
Ս. Աստուած
Ս. Աստ. «որ խաչեցար վասն մեր»:
Սաղմոս
Ողորմեա ինձ Տէր, զի առ քեզ աղաղակեցի զօրհանապազ. ուրախ արա զանձն ծառայի քոյ, զի առ քեզ Տէր համբարձի զանձն իմ:
Ընթերցուածներ
Եբրայեցիներուն 5, 11 - 6, 8
11Այս հարցին մասին շատ բաներ ունինք ըսելիք եւ դժուար է անոնց բացատրութիւնը, որովհետեւ խօթամիտ եղաք։
12Թէպէտ ժամանակով պէտք էր բանիմաց ըլլայիք, սակայն դարձեալ պէտք ունիք որ ձեզի սորվեցնեն Աստուծոյ պատգամներու տարրական տուեալներն անգամ, քանի որ հասած էք այնպիսի կէտի մը ուր աւելի կաթի պէտք ունիք քան թանձր կերակուրի։
13Արդարեւ՝ ով որ կաթով կը սնանի՝ չի կրնար ճաշակել արդարութեան վարդապետութիւնը, որովհետեւ տակաւին մանուկ է։
14Թանձր կերակուրը չափահասներուն համար է, որոնք վարժութիւն ունին եւ խելահաս են զատորոշելու բարին ու չարը։
1Թողունք Քրիստոսի մասին տարրական վարդապետութիւնը եւ բարձրանանք կատարեալ վարդապետութեան։ Վերըստին չվերադառնանք հիմնական կէտերու վրայ, ինչպէս զղջումի՝ մեռեալ գործերու վրայ, հաւատքին յԱստուած,
2մկրտութիւններու վարդապետութեան, ձեռնադրութեան, մեռելներու յարութեան եւ յաւիտենական դատաստանի։
3Եւ այսպէս ալ պիտի ընենք եթէ Աստուած հրամայէ։
4Արդարեւ՝ անոնք որ անգամ մը մկրտուեցան, ճաշակեցին երկնային պարգեւները, բաժնեկից եղան Սուրբ Հոգիին.
5ճաշակեցին Աստուծոյ գեղեցիկ խօսքը եւ հանդերձեալ աշխարհի զօրութիւնը
6եւ սակայն սայթաքեցան, անկարելի է երկրորդ անգամ զանոնք վերանորոգել ապաշխարութեամբ, քանի որ Աստուծոյ Որդին դարձեալ խաչ կը բարձրացնեն եւ հրապարակաւ կը նուաստացնեն։
7Որովհետեւ յորդառատ անձրեւներով յագեցած երկիրը, որ օգտակար բոյսեր կ՚արտադրէ զայն մշակողներուն, Աստուծոյ օրհնութիւնը կ՚ընդունի։
8Իսկ այն հողը որ փուշ եւ տատասկ կ՚արտադրէ, անպէտ է, ենթակայ՝ անէծքի եւ անոր վախճանը հրկիզում է։
Ալէլուիա
Ալէլուիա, ալէլուիա. Պահոց ի ձայնէն.
Աւետարան
Ղուկաս 18, 18 - 27
18Իշխան մը հարցուց Յիսուսի. «Բարի Վարդապետ, ի՞նչ պէտք է ընեմ, որպէս զի ժառանգեմ յաւիտենական կեանքը։»
19Յիսուս ըսաւ անոր. «Ինչո՞ւ բարի կը կոչես զիս, միայն Աստուած բարի է։
20Գիտես պատուիրանները. Մի՛ շնար, մի՛ սպաններ, մի՛ գողնար, սուտ մի՛ վկայեր, պատուէ՛ հայրդ ու մայրդ։»
21Անիկա պատասխանեց. «Այդ ամէնը պահած եմ մանկութենէս ի վեր։»
22Այս խօսքը լսելով, Յիսուս ըսաւ. «Մէկ բան տակաւին կը պակսի քեզի. ծախէ՛ բոլոր ինչքերդ, բաժնէ աղքատներուն եւ երկինքի մէջ գանձ կ՚ունենաս. յետոյ եկուր հետեւէ ինծի։»
23Անիկա այս խօսքերը լսելով՝ տխրեցաւ, որովհետեւ շատ հարուստ էր։
24Յիսուս տխրած տեսնելով զինք՝ ըսաւ. «Որքա՛ն դժուար է հարուստներուն մուտքը Աստուծոյ Արքայութեան մէջ։
25Ուղտին անցքը ասեղին ծակէն աւելի դիւրին է քան հարուստին մուտքը՝ Աստուծոյ Արքայութիւնը։»
26Լսողները հարցուցին. «Ո՞վ ուրեմն կրնայ փրկուիլ։»
27Յիսուս պատասխանեց. «Ինչ որ մարդոց համար անկարելի է, Աստուծոյ համար հնարաւոր է։»