Ժամամուտ
Ժամամուտ եւ մեսեդի ըստ պատշաճի աւուրն:
Աստուածածին անհարսնացեալ, զբանն անսկիզբն յղացար եւ զԱստուածն անիմանալին ծնար, զանպարագրելին ի գիրկս քո բարձեր. նմա անդադար բարեխօսեա վասն անձանց մերոց: Ժամամուտ.
Ս. Աստուած
Ս. Աստ. «որ ծնար եւ յայտնեցար»:
Սաղմոս
Տէր ասաց ցիս Որդի իմ ես դու. Եւ ես այսօր ծնայ զքեզ: Ընդէ՞ր խռովեցան հեթանոսք. Եւ ժողովուրդք խորհեցան ի սնոտիս:
Ընթերցուածներ
Եբրայեցիներուն 12, 5-17
5Մոռցա՞ք յորդորը որ ձեզի ուղղուած է իբրեւ զաւակներու. Որդեա՛կ, մի՛ արհամարհեր Տիրոջ խրատները եւ մի՛ վհատիր երբ քեզ յանդիմանէ։
6Տէրը կը խրատէ զինք սիրողը, կը տանջէ ամէն որդի զոր կ՚ընտրէ։
7Կը չարչարուիք ձեր դաստիարակութեան համար։ Աստուած ձեզի հետ կը վարուի իբրեւ որդիներու հետ։ Եւ ո՞վ է որդին զոր հայրը չի խրատեր։
8Եթէ զուրկ էք այս խրատներէն որոնցմէ ամէնքն ալ բաժին ունին, ուրեմն հարազատ որդիներ չէք, այլ՝ անհարազատ։
9Որովհետեւ եթէ կը պատկառինք մեր մարմնաւոր հայրերէն զոր ունինք որպէս խրատիչներ, որչա՞փ աւելի պիտի հնազանդինք հոգիներու Հօր՝ եւ պիտի ապ րինք։
10Մեր հայրերը կը խրատեն մեզ ժամանակի մը համար եւ իրենց դատողութեան համաձայն. իսկ Աստուած մեզ կը խրատէ մեր բարիքին համար, որպէս զի մասնակից ընէ մեզ իր սրբութեան։
11Արդարեւ, ամէն խրատ երբ կը տրուի՝ ուրախութեան առիթ մը չէ, այլ՝ տրտմութեան, բայց յետոյ անով դաստիարակուածներուն կը շնորհէ խաղաղութեան եւ արդարութեան պտուղը։
12Ասոր համար, վեր պահեցէք ձեր ուժասպառ ձեռքերը եւ ուղիղ՝ կքոտած ծունկերը
13եւ ձեր քայլերուն համար շտկեցէք արահետները, որպէս զի կաղը չշեղի, այլ՝ բուժուի։
14Միասին հետամուտ եղէք խաղաղութեան եւ սրբութեան, առանց որուն ո՛չ ոք կրնայ Տէրը տեսնել։
15Հսկեցէք որ ո՛չ ոք զրկուի Աստուծոյ շնորհքէն. դառնութեան արմատները ոստեր չընձիւղեն եւ նեղութիւն չտան ո՛չ ոքի եւ ամբողջ զանգուածը չվարակուի։
16Չմնան ձեր մէջ պիղծեր եւ պոռնիկներ, Եսաւի պէս, որ մէկ պնակի համար անդրանկութեան իրաւունքը ծախեց։
17Գիտէք որ յետագային թէպէտ ուզեց Օրհնութիւնը ժառանգել, մերժուեցաւ՝ որովհետեւ ապաշխարութեան հնարաւորութիւն չգտաւ, թէպէտ արցունքով պաղատեցաւ։
Տիտոսին 2, 11-15
11Որովհետեւ Աստուծոյ շնորհքը, աղբիւր՝ մարդոց փրկութեան, յայտնուեցաւ
12եւ մեզի կը սորվեցնէ հրաժարիլ ամբարշտութենէ եւ աշխարհային ցանկութիւններէ, ապրիլ այս աշխարհի վրայ զգաստութեամբ, արդարութեամբ եւ աստուածպաշտութեամբ,
13սպասելով երանելի յոյսին եւ փառքին Յայտնութեան, մեր մեծ Աստուծոյն եւ Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի,
14որ ինքզինք զոհեց՝ որ փրկէ մեզ անօրէնութենէն եւ սրբացնէ սեփական ժողովուրդ մը՝ նախանձախնդիր բարի գործերու մէջ։
15Այսպէս խօսէ, յորդորէ եւ յանդիմանէ իշխանութեամբ, որպէս զի ո՛չ ոք քեզ արհամարհէ։
Ալէլուիա
Ալէլուիա, ալէլուիա. Պահոց ի ձայնէն.
Ալէլուիա, ալէլուիա, Այսօր ծնաւ որ ի Հօրէ յառաջ քան զյաւիտեանս Որդի, որ է օծեալ Տէր ի քաղաքի Դաւթի: Ի վայելչութիւն սրբոց քոց յարգանդէ յառաջ քան զարուսեակ ծնայ զքեզ:
Աւետարան
Ղուկաս 20, 41 - 21, 4
41Այն ատեն Յիսուս ըսաւ անոնց. «Ի՞նչպէս կ՚ըսեն Քրիստոսի մասին թէ Դաւիթի որդի է,
42երբ ինք՝ Դաւիթ, Սաղմոսներու գիրքին մէջ ըսած է. Տէրն ըսաւ իմ Տիրոջս. բազմէ աջ կողմս,
43մինչեւ որ բոլոր թշնամիներդ
44դնեմ պատուանդան ոտքերուդ առջեւ։ Դաւիթ զինք Տէր կը կոչէ. ուրեմն ի՞նչպէս անոր որդին կրնայ ըլլալ։
45Ի լուր բոլոր ժողովուրդին, Յիսուս ըսաւ աշակերտներուն.
46«Զգուշացէք դպիրներէն, որոնք կը սիրեն շրջիլ լայն հագուստներ հագած, ողջոյններ ընդունիլ հրապարակներու վրայ, առաջին աթոռները գրաւել ժողովարաններու մէջ եւ առաջին տեղերը՝ խրախ ճոյքներու մէջ,
47այրիներուն ինչքերը կ՚ուտեն եւ կը ձեւացնեն երկար աղօթել։ Անոնք աւելի խիստ դատաստան պիտի կրեն։»
1Աչքերը բարձրացնելով, Յիսուս տեսաւ հարուստներ, որոնք իրենց նուէրները կը ձգէին գանձանակին մէջ։
2Տեսաւ նաեւ թշուառ այրի կին մը, որ երկու լումայ դրաւ։
3Եւ ըսաւ. «Ճշմարիտ կ՚ըսեմ ձեզի, այս աղքատ այրին աւելի դրաւ քան բոլոր միւսները,
4որովհետեւ անոնք իրենց աւելորդէն դրին Աստուծոյ ընծաներուն մէջ, իսկ այս այրին, իր չքաւորութեան մէջ տուաւ իր ապրուստին գինը։»
Մատթէոս 1, 18-25
18Յիսուսի ծնունդը եղաւ այսպէս. Մարիամ անոր մայրը՝ որ նշանուած էր Յովսէփի հետ, ասոր հետ բնակելէ առաջ, յղի գտնուեցաւ Սուրբ Հոգիին ազդեցութեամբ։
19Յովսէփ՝ անոր ամուսինը՝ արդար մարդ էր եւ չուզեց հրապարակաւ վարկաբեկել զինք, ուստի խորհեցաւ գաղտնօրէն արձակել։
20Մինչ այսպէս կը խորհէր, ահա Տիրոջ հրեշտակը երազի մէջ երեւցաւ անոր եւ ըսաւ. «Յովսէփ, որդի Դաւիթի, մի՛ վախնար քովդ առնել Մարիամ կինդ, որովհետեւ անոր յղացածը Սուրբ Հոգիէն է։
21Պիտի ծնի որդի մը եւ դուն զինք պիտի անուանես Յիսուս, որովհետեւ ան է որ պիտի փրկէ ժողովուրդը իրենց մեղքերէն»։
22Այս ամէնը պատահեցաւ որպէս զի իրականանար ինչ որ Տէրն ըսած էր մարգարէին բերնով.
23Ահաւասիկ Կոյսը պիտի յղանայ եւ պիտի ծնի որդի մը, զոր պիտի անուանեն Էմմանուէլ, որ կը թարգմանուի՝ Աստուած մեզի հետ։
24Յովսէփ քունէն արթննալով ըրաւ ինչպէս որ Տիրոջ հրեշտակը հրամայած էր իրեն. քովն առաւ իր կինը եւ չճանչցաւ զինք մինչեւ այն օրը երբ ծնաւ իր որդին, զոր ինք անուանեց Յիսուս։