Ժամամուտ
Աստուածածին զքեզ խոստովանեալ երկրպագէ եկեղեցի ուղղափառաց. քանզի ուր քերովբէքն բազմաչեայք եւ աթոռք հրանիւթք եւ վեցթեւեան սերովբէքն նայել ոչ իշխէին, կրեցեր անսերմնապէս յանապականումն ի յարգանդի քում որպէս աղախին զՏէր, եւ ծնար որպէս մարդ զԱստուածն բոլորից զմարմնացեալն առ ի քէն զանճառ զբանն, ի փրկութիւն աշխարհի եւ կեանք անձանց մերոց: Ժամամուտ.
Ս. Աստուած
Ս. Աստ. «որ ծնար եւ յայտնեցար»:
Սաղմոս
Տէր ասաց ցիս Որդի իմ ես դու. Եւ ես այսօր ծնայ զքեզ: Ընդէր խռովեցան հեթանոսք. Եւ ժողովուրդք խորհեցան ի սնոտիս:
Ընթերցուածներ
Տիտոսին 2, 11-15
11Որովհետեւ Աստուծոյ շնորհքը, աղբիւր՝ մարդոց փրկութեան, յայտնուեցաւ
12եւ մեզի կը սորվեցնէ հրաժարիլ ամբարշտութենէ եւ աշխարհային ցանկութիւններէ, ապրիլ այս աշխարհի վրայ զգաստութեամբ, արդարութեամբ եւ աստուածպաշտութեամբ,
13սպասելով երանելի յոյսին եւ փառքին Յայտնութեան, մեր մեծ Աստուծոյն եւ Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի,
14որ ինքզինք զոհեց՝ որ փրկէ մեզ անօրէնութենէն եւ սրբացնէ սեփական ժողովուրդ մը՝ նախանձախնդիր բարի գործերու մէջ։
15Այսպէս խօսէ, յորդորէ եւ յանդիմանէ իշխանութեամբ, որպէս զի ո՛չ ոք քեզ արհամարհէ։
Ալէլուիա
Ալէլուիա, ալէլուիա, Այսօր ծնաւ որ ի Հօրէ յառաջ քան զյաւիտեանս Որդի, որ է օծեալ Տէր ի քաղաքի Դաւթի: Ի վայելչութիւն սրբոց քոց յարգանդէ յառաջ քան զարուսեակ ծնայ զքեզ:
Աւետարան
Ղուկաս 2, 1-7
1Այն օրերուն, Օգոստոս Կայսրի կողմէ հրամանագիր մը ելաւ, մարդահամար ընելու ամբողջ աշխարհի վրայ։
2Այս առաջին մարդահամարը տեղի ունեցաւ երբ Կիւրենիոս կուսակալ էր Սուրիոյ։
3Ամէնքը կ՚երթային մարդահամարի, իւրաքանչիւրը իր քաղաքը։
4Յովսէփ, Գալիլիոյ Նազարէթ քաղաքէն մեկնեցաւ դէպի Հրէաստան, Դաւիթի քաղաքը՝ Բեթղեհէմ, որովհետեւ Դաւիթի տունէն ու սերունդէն էր,
5արձանագրուելու համար իր կնոջ՝ Մարիամի հետ, որ յղի էր։
6Մինչ այնտեղ կը գտնուէին, Մարիամի ծննդաբերութեան ժամանակը հասաւ եւ
7ծնաւ իր անդրանիկ որդին, փաթթեց խանձարուրներով ու դրաւ մսուրին մէջ, որովհետեւ իջեւանի մէջ տեղ չկար անոնց համար։