Ժամամուտ
Սրբոյն Ստեփանոսի Նախավկային, Ցնծա այսօր ցնծա եւ զուարճացիր կաթուղիկէ սուրբ յիշատակաւ սրբոյն Ստեփանոսի նախավկային Քրիստոսի վկայեցելոյ Հօր. որ աղօթիւք բանայր զերկինս, զոր փակեաց Ադամ. եւ հրեշտակակերպ տեսլեամբ տեսանէր զկերպարանն Հօր ի կերպի Ադամայ նստեալ յաթոռ փառաց: Որ զբազմութիւն քարանցն որպէս զծաղիկս հաւաքելով բոլորէր պսակս փոխանակ փշոցն եւ եղեգանն. եւ զմարտիրոսական արիւնն խառնէր ընդ փրկական արեանն Քրիստոսի Հոսեցելոյն ի կողէն: Վասն որոյ գերազանցեալ ի փառս առաւել քան զամենայն սուրբս հայցեա եւ մեզ ի վերնատուողէն զպարգեւս կենաց անվախճանից եւ զմեծ զողորմութիւն: Յորովայնէ ընտրեալ սուրբ Ստեփանոս, յորովայնէ ընտրեալ սուրբ Ստեփանոս, վկայ ճշմարիտ առաքելական քարոզութեանցն. որ ի վերայ անօրէն քարաձգողացն աղօթէիր առ Քրիստոս Աստուած մի՛ համարիր սոցա զայս ի մեղս: ի ձեռն սորին բարեխօսութեանն շնորհեա մեզ զմեծ քո զողորմութիւն: Ժամամուտ.
Ս. Աստուած
Ս. Աստ. «որ ծնար եւ յայտնեցար»:
Սաղմոս
Տէր, որպէս զինու հաճութեամբ քով պսակեցեր զմեզ: Բանից իմոց ունկն դիր Տէր. եւ ի միտ առ զաղաղակ իմ:
Ընթերցուածներ
Առաքեալներուն Գործերը 6,18-12 եւ 7,55-8,2
55Ստեփաննոս լեցուած էր Սուրբ Հոգիով. նայեցաւ դէպի երկինք եւ տեսաւ Աստուծոյ փառքը եւ Յիսուս՝ կանգնած Աստուծոյ աջ կողմը։
56«Կը տեսնեմ, ըսաւ ան, երկինքը բացուած եւ Մարդու Որդին կանգնած՝ Աստուծոյ աջ կողմը։»
57Բարձրաձայն ճիչեր արձակելով՝ անոնք խցեցին իրենց ականջները եւ միասին խուժեցին վրան, հանեցին զինք քաղաքէն դուրս եւ քարկոծեցին։
58Վկաները իրենց հագուստները դրած էին Սաւուղ կոչուած երիտասարդի մը ոտքերուն առջեւ։
59Եւ կը քարկոծէին Ստեփաննոսը, որ կ՚աղօթէր ու կ՚ըսէր. «Տէր Յիսուս, ընդունէ հոգիս։»
60Յետոյ ծունկի եկաւ եւ բարձր ձայնով աղաղակեց. «Տէ՛ր, ասիկա մեղք մի՛ համարեր անոնց։» Ասիկա ըսելով ննջեց։ Սաւուղ կամակից էր անոր սպաննութեան։
1Եւ այն օրերուն մեծ հալածանք եղաւ Երուսաղէմի եկեղեցիին դէմ եւ ամէնքը, բացի առաքեալներէն, ցրուեցան Հրէաստանի եւ Սամարիոյ գիւղերը։
2Երկիւղած մարդիկ վերցուցին Ստեփաննոսը եւ շատ ողբացին զինք։
Ալէլուիա
Ալէլուիա, ալէլուիա. Հոգւով սրբով զօրացեալ սուրբ Ստեփանոս, եւ ընտրեալ յորովայնէ. Ճշմարիտ վկայ, սիրող եւ առաքեալ Առաքելոյն. ի Քրիստոսէ ընկալար զուարթնոյն զպսակն:
Աւետարան
Յովհաննէս 12, 24-26
24Ճշմարիտ, ճշմարիտ կ՚ըսեմ ձեզի, ցորենի հատիկը, որ հողին մէջ կ՚իյնայ, եթէ չմեռնի՝ առանձին կը մնայ. իսկ եթէ մեռնի, շատ արդիւնք կու տայ։
25Իր կեանքը սիրողը՝ զայն կը կորսնցնէ, իսկ ով որ կ՚ատէ իր կեանքը այս աշխարհի վրայ, զայն կը պահէ յաւիտենական կեանքին համար։
26Ով որ ինծի կը ծառայէ, թող ինծի հետեւի. եւ ուր ես եմ, հոն պիտի ըլլայ ինծի ծառայողը։ Ով որ ինծի ծառայէ, Հայրս պիտի պատուէ զայն։