Ժամամուտ
Որ եւ ի ծնննդեան պահքն եւս հանդիպի: Ժամամուտ. Միածին Որդի եւ բանդ Աստուած, եւ անմահ էութիւն. որ յանձն առեր մարմնանալ ի սրբուհւոյ Աստուածածնէն եւ ի միշտ կուսէն. անփոփոխելիդ մարդ եղեալ խաչեցար Քրիստոս Աստուած, մահուամբ զմահ կոխեցեր. մինդ ի սրբոյ Երրորդութենէն փառաւորակից ընդ Հօր եւ ընդ սրբոյ Հոգւոյն, կեցո զմեզ:
Ս. Աստուած
Ս. Աստ. «որ յարեար ի մեռելոց»:
Սաղմոս
Քեզ վայելէ օրհնութիւն Աստուած ի Սիոն. Եւ քեզ տացին աղօթք յԵրուսաղէմ: Լուր աղօթից իմոց. Զի առ քեզ ամենայն մարմին եկեսցէ:
Ընթերցուածներ
Եբրայեցիներուն 7, 11-25
11Եթէ ուրեմն կատարելութիւնը իրականացած էր Ղեւտական քահանայութեամբ, որուն վրայ կը հիմնուի ժողովուրդին տրուած Օրէնքը, ի՞նչ կարիք կար որ ներկայանար ուրիշ քահանայ մը ըստ կարգին Մելքիսեդեկի, եւ չըսուէր՝ «Ըստ կարգին Ահարոնի»։
12Արդարեւ, քահանայութեան փոփոխութեան կը հետեւի անպայման Օրէնքի փոփոխութիւն։
13Անձը որուն մասին այսպէս կը խօսուի, կը պատկանի ուրիշ ցեղի մը, որուն անդամներէն ո՛չ մէկը երբեք զբաղած է խորանի ծառայութեամբ։
14Իսկ մեր Տէրը, յայտնի է, կը սերի Յուդայի ցեղէն, եւ Մովսէս ոչինչ ըսաւ այս ցեղէն ելած քահանաներու մասին։
15Այսպէս աւելի բացայայտ կը դառնայ, թէ պիտի յայտնուի ուրիշ քահանայ մը, Մելքիսեդեկի նմանութեամբ,
16սակայն ոչ ըստ մարդկային օրէնքի, այլ՝ ըստ զօրութեան անվախճան կեանքին,
17քանի այս վկայութիւնը տրուեցաւ անոր՝ թէ Դուն ես քահանայ յաւիտեան, ըստ կարգին Մելքիսեդեկի։
18Առաջին պատուէրը չեղուեցաւ անոր տկարութեան եւ անօգտակարութեան համար,
19որովհետեւ Օրէնքը ոչինչ հասցուց կատարելութեան. եւ հիմա մուտք կը կատարէ աւելի լաւ յոյսը՝ որով Աստուծոյ կը մօտենանք։
20Մանաւանդ որ ասիկա առանց երդումի չեղաւ, մինչ միւսները քահանայ եղան առանց երդումի։
21Իսկ Յիսուս՝ եղաւ երդումով, շնորհիւ անոր որ ըսաւ. Տէրը երդում ըրաւ եւ բնաւ պիտի չզղջայ թէ դուն քահանայ ես յաւիտեան։
22Հետեւաբար Յիսուս աւելի կատարեալ ուխտի մը երաշխաւոր եղաւ։
23Ղեւտացիները քահանայ եղան բազմաթիւ, որովհետեւ մահը չէր թողուր որ տեւէին,
24իսկ Քրիստոս որ յաւիտենական է, ունի անփոփոխելի քահանայութիւն մը։
25Ուստի կարող է վերջնականապէս փրկել անոնք որ իրմով կը մօտենան Աստուծոյ, քանի որ միշտ կ՚ապրի՝ միջնորդելու համար անոնց ի նպաստ։
Ալէլուիա
Ալէլուիա, ալէլուիա. Յարութեան ի ձայնէն.
Աւետարան
Ղուկաս 19, 11-28
11Մինչ մարդիկ այս խօսքերը կը լսէին, ուրիշ առակ մըն ալ պատմեց, որովհետեւ ինք Երուսաղէմի կը մօտենար եւ ոմանք կը համարէին թէ Աստուծոյ Արքայութիւնը շուտով կը յայտնուի։
12«Իշխանազուն մը, ըսաւ Յիսուս, մեկնեցաւ հեռաւոր երկիր մը, թագաւորութիւն ստանալու եւ վերադառնալու։
13Կանչեց իր ծառաներէն տասը հոգի, բաժնեց անոնց տասը մնաս եւ ըսաւ. ՚Շահագործեցէք զանոնք մինչեւ որ վերադառնամ՚։
14Իսկ իր քաղաքացիները կ՚ատէին զինք եւ ետեւէն պատուիրակութիւն մը ղրկեցին ըսելու համար՝ չենք ուզեր որ ասիկա մեր վրայ թագաւորէ։
15Թագաւորութիւնը առնելէ ետք, վերադարձաւ եւ կանչեց ծառաները, որոնց դրամ բաժնած էր, տեսնելու համար թէ իւրաքանչիւրը ի՞նչ շահած էր։
16Առաջինը եկաւ եւ ըսաւ. ՚Տէ՛ր, մնասդ տաս մնաս եւս բերաւ՚։
17Տէրը պատասխանեց. ՚Լա՛ւ, ազնիւ եւ բարի ծառայ, քանի որ քիչին մէջ հաւատարիմ եղար, իշխանութիւն ունեցիր տասը քաղաքներու վրայ՚։
18Երկրորդը եկաւ եւ ըսաւ. ՚Տէ՛ր, քու մնասդ հինգ մնաս բերաւ՚։
19Ասոր ալ պատասխանեց. ՚Իշխանութիւն ունեցիր հինգ քաղաքներու վրայ՚։
20Ուրիշ մը եկաւ եւ ըսաւ. ՚Տէ՛ր, ահաւասիկ քու մնասդ զոր լաթի մէջ ծրարած պահած էի։
21Կը վախնայի քեզմէ, որովհետեւ խստապահանջ ես. կ՚առնես ինչ որ պահեստի չես դրած, կը հնձես ինչ որ չես սերմանած՚։
22Տէրը ըսաւ անոր. ՚Քու խօսքերուդ համաձայն պիտի դատեմ քեզ, չար ծառայ։ Գիտէիր որ խստապահանջ եմ եւ կ՚առնեմ ինչ որ պահեստի չեմ դրած, կը հնձեմ ինչ որ չեմ սերմանած։
23Ինչո՞ւ ուրեմն դրամս չտուիր լումայափոխին, որպէս զի վերադարձիս ես զայն պահանջէի տոկոսով միասին՚։
24Յետոյ սպասաւորներուն ըսաւ. ՚Առէ՛ք անկէ մնասը եւ տուէք անոր որ տասը մնաս ունի՚։
25Անոնք պատասխանեցին. ՚Տէ՛ր, արդէն տասը մնաս ունի՚։
26Տէրը պատասխանեց. ՚Կ՚ըսեմ ձեզի, ունեցողին պիտի տրուի, իսկ չունեցողէն՝ ունեցածն ալ պիտի առնուի։
27Իսկ այն թշնամիներս, որոնք չէին ուզեր որ ես թագաւորեմ իրենց վրայ, բերէ՛ք այստեղ եւ առջեւս սպաննեցէ՛ք՚։»
28Այս խօսքերէն ետք, Յիսուս առաջ անցաւ՝ Երուսաղէմ ելլելու համար։