Ժամամուտ
Առաքեալք եւ վկայք Քրիստոսի Աստուծոյ. ամենակալ հոգւոյն զօրութեամբն զամենեսեան ընդհանուր յորդեգրութիւն կենաց կոչելով միասնական սուրբ Երրորդութեանն յորդորեցին երգել փառս ի յաւիտեանս.ամէն: Ժամամուտ.
Ս. Աստուած
Ս. Աստ. «որ ծնար եւ յայտնեցար»:
Սաղմոս
Ընդ ամենայն երկիր ել բարբառ նոցա. եւ մինչեւ ի ծագս աշխարհի են խօսք նոցա: Երկինք պատմեն զփառս Աստուծոյ. եւ զարարածս ձեռաց նորա պատմէ հաստատութիւն:
Ընթերցուածներ
Բ. Տիմոթէոսին 4, 1-8
1Կ՚երդուընցնեմ քեզ, Աստուծոյ եւ Յիսուս Քրիստոսի առջեւ, որ պիտի դատէ կենդանիներն ու մեռելները, յանուն անոր Յայտնութեան եւ Արքայութեան,
2քարոզէ խօսքը, ժամանակին եւ ժամանակէն դուրս, յանդիմանէ եւ սաստէ, մխիթարէ անհատնում համբերութեամբ եւ վարդապետելու մտահոգութեամբ։
3Որովհետեւ պիտի գայ ժամանակ, երբ մարդիկ պիտի չհանդուրժեն ողջմտութեան վարդապետութեան, այլ՝ անձնատուր իրենց բաղձանքներուն եւ իրենց ականջներու մարմաջանքին համաձայն՝ պիտի հաւաքեն իրենց շուրջ վարդապետներ,
4ականջ պիտի խցեն ճշմարտութեան դիմաց եւ պիտի կործանին առասպելներու մէջ։
5Դուն զուարթ եղիր ամէն բանի մէջ, համբերէ նեղութեան, Աւետարանի քարոզիչի գործ ըրէ եւ պաշտօնդ անթերի կատարէ։
6Ահաւասիկ ես արդէն ընծայուած եմ եւ հասած է մեկնելու ժամս։
7Մինչեւ վերջ պայքարեցայ բարի պայքարս, աւարտեցի վազքս, պահեցի հաւատքը,
8հիմա պատրաստուած է ինծի արդարութեան պսակը, զոր Տէրը, արդար դատաւորը՝ փոխարէն ինծի պիտի տայ այն Օրը։ Ո՛չ միայն ինծի, այլ՝ նաեւ անոնց որոնք սիրով սպասեցին անոր Յայտնութեան։
Ալէլուիա
Ալէլուիա, ալէլուիա. Կացուսցես զնոսա իշխանս ընդ ամենայն երկիր. եւ յիշեսցի անուն քո ընդ ամենայն ազգս ազգաց:
Աւետարան
Յովհաննէս 21, 15-19
15Ճաշէն ետք, Յիսուս հարցուց Սիմոն Պետրոսին. «Սիմոն, որդի Յովնանու, կը սիրե՞ս զիս ասոնցմէ աւելի։» «Այո՛, Տէր, պատասխանեց ան, դուն գիտես թէ կը սիրեմ քեզ։» Եւ Յիսուս աւելցուց. «Արածէ իմ գառնուկներս։»
16Յիսուս դարձեալ հարցուց անոր. «Սիմոն, որդի Յովնանու, կը սիրե՞ս զիս։» «Այո՛, Տէր, պատասխանեց ան, դուն գիտես թէ կը սիրեմ քեզ։» Եւ ըսաւ անոր. «Արածէ իմ ոչխարներս։»
17Երրորդ անգամ հարցուց անոր. «Սիմոն, որդի Յովնանու, կը սիրե՞ս զիս։» Տրտմեցաւ Պետրոս, որ երեք անգամ հարցուց իրեն թէ կը սիրես զիս եւ ըսաւ. «Տէր, դուն ամէն բան գիտես, գիտես նաեւ թէ քեզ կը սիրեմ։» Յիսուս ըսաւ անոր. «Արածէ իմ ոչխարներս։
18Ճշմարիտ, ճշմարիտ կ՚ըսեմ քեզի, մինչ երիտասարդ էիր, կը կապէիր գօտիդ եւ կ՚երթայիր ուր կը փափաքէիր, իսկ երբ ծերանաս, պիտի տարածես ձեռքերդ, ուրիշ մը քեզի գօտի պիտի անցընէ եւ պիտի տանի՝ ուր պիտի չուզէիր երթալ։»
19Յիսուս այսպէս խօսեցաւ՝ նշանակելու համար թէ ի՞նչ մահով Պետրոս Աստուած պիտի փառաւորէ։ Այս խօսքէն ետք Յիսուս աւելցուց. «Հետեւէ՛ ինծի։»