Ժամամուտ
Այսօր ահաւոր ձայնք որոտման հնչեցին յերկնից ի յերկիր՝ կոչելով յորդեգրութիւն զձեզ որդիք Սիովնի. Հաստատութիւն հաւատոյ եւ պարծանք եկեղեցւոյ. որք ցօղով արեան ձերոյ մաքրեցէք զտիեզերս յանօրէն կռապաշտութեանց. Արդ հայցեցէք ի Քրիստոսէ զքաւութիւն տօնողացս անուան ձերոյ: մաղթանօք սոցա Տէր խնայեա ի փրկեալ քո ժողովուրդս, որ միայնդ ես մարդասէր: Ժամամուտ.
Ս. Աստուած
Ս. Աստ. «որ ծնար եւ յայտնեցար»:
Սաղմոս
Աւետարանեցէք օր ըստ օրէ զփրկութիւն նորա. պատմեցէք ի հեթանոսս զփառս նորա: Օրհնեցէք զՏէր յօրհնութիւն նոր. օրհնեցէք զՏէր ամենայն երկիր:
Ընթերցուածներ
Ա. Յովհաննէսի 1, 1-7
1Ան որ սկիզբէն էր, որմէ մենք լսեցինք եւ որուն ականատես իսկ եղանք զոր մենք տեսանք եւ մեր ձեռքերը շօշափեցին՝ Խօսքն է կեանքին.
2որովհետեւ կեանքը յայտնուեցաւ, մենք տեսանք զինք եւ կը վկայենք անոր եւ ձեզի կ՚աւետենք կեանքն այս յաւիտենական՝ որ Հօր մօտն էր եւ մեզի երեւցաւ։
3Եւ ինչ որ տեսանք ու լսեցինք՝ զայն ձեզի կ՚աւետենք որպէս զի դուք ալ մեզի հետ հաղորդակցիք, եւ մեր հաղորդութիւնը ըլլայ Հօր, եւ անոր Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսի հետ։
4Ասիկա կը գրենք ձեզի որպէս զի ձեր ուրախութիւնը կատարեալ ըլլայ։
5Արդ՝ ահաւասիկ պատգամը զոր մենք լսեցինք անկէ եւ ձեզի կ՚աւետենք. Աստուած լոյս է, անոր մէջ չկայ խաւար։
6Եթէ ըսենք թէ մենք հաղորդութիւն ունինք անոր հետ, մինչդեռ խաւարի մէջ կը շրջինք, կը ստենք եւ ճշմարտութիւնը չենք գործադրեր։
7Ան լոյսի մէջ է, եթէ մենք ալ քալենք լոյսի մէջ, իրարու հետ կը հաղորդակցինք, եւ անոր Որդիին, Յիսուսի արիւնը մեզ կը մաքրէ ամէն մեղքէ։
Ալէլուիա
Ալէլուիա, ալէլուիա. Կացուսցես զնոսա իշխանս ընդ ամենայն երկիր. եւ յիշեսցի անուն քո ընդ ամենայն ազգս ազգաց:
Աւետարան
Յովհաննէս 21, 20-25
20Պետրոս ետեւ դառնալով տեսաւ որ այն աշակերտը, զոր Յիսուս կը սիրէր՝ իրենց ետեւէն կու գար, նոյնինքն անիկա որ գլուխը դրաւ Յիսուսի կուրծքին վրայ եւ հարցուց. «Տէ՛ր, ո՛վ է ան որ քեզ պիտի մատնէ։»
21Պետրոս այս աշակերտը տեսնելով՝ ըսաւ Յիսուսի. «Իսկ ատիկա ի՞նչ պիտի ըլլայ։»
22Ան պատասխանեց. «Քեզի ի՞նչ փոյթ եթէ ես ուզեմ որ ան մնայ մինչեւ որ գամ. դուն հետեւէ ինծի։»
23Այս խօսքերէն հետեւցնելով, եղբայրներուն մէջ զրոյց շրջեցաւ թէ այն աշակերտը պիտի չմեռնի։ Բայց Յիսուս չըսաւ անոր թէ պիտի չմեռնի, այլ՝ «Քեզի ի՞նչ փոյթ եթէ ես ուզեմ որ ան մնայ մինչեւ ես գամ։»
24Այս աշակերտն է որ կը վկայէ այս դէպքերուն եւ գրած է զանոնք եւ մենք գիտենք որ անոր վկայութիւնը ճշմարիտ է։
25Դեռ ուրիշ շատ գործեր ալ ըրաւ Յիսուս։ Եթէ անոնք մի առ մի գրի առնուէին, կարծեմ թէ ո՛չ իսկ աշխարհը պիտի բաւէր բովանդակել գիրքերը, եթէ գրուած ըլլային։