Ժամամուտ
Ժամամուտ. Աղաչեմք զքեզ սուրբ կոյս Մարիամ Աստուածածին, բարձրելոյն զօրութեամբն հովանաւորեալ, եւ սուրբ Հոգւոյն եկաւորութեամբն լուսաւորեալ. որ զամենայն գոհութեանց ստեղծիչն յղացեալ ծնար անճառապէս. մարմնացելոյն առ ի քէն բարեխօսեա կեցուցանել զանձինս մեր:
Ս. Աստուած
Ս. Աստ. «որ ծնար եւ յայտնեցար»:
Սաղմոս
Տէր Թագաւորեաց վայելչութիւն զգեցաւ. զգեցաւ Տէր զօրութիւն ընդ մէջ իւր ածաւ: Հաստատեաց զաշխարհ զի մի սասանեսցի. պատրաստ է աթոռ քո. եւ ի սկզբանէ յաւիտեանս դու ես:
Ընթերցուածներ
Եբրայեցիներուն 1, 1-12
1Շատ անգամներ եւ բազմաթիւ օրինակներով անցեալի մէջ Աստուած խօսեցաւ մեր Հայրերուն՝ մարգարէներու ձեռնով,
2իսկ, այս վերջին ժամանակներու վախճանին խօսեցաւ մեզի իր Որդիին միջոցաւ, զոր կարգեց ժառանգորդ ամէն բանի եւ որով ստեղծեց տիեզերքը։
3Պայծառութիւն անոր փառքին, պատկեր անոր էութեան, այս Որդին՝ որ տիեզերքը կանգուն կը պահէ իր խօսքին զօրութեամբ, մեր մեղքերու մաքրութիւնը կատարելէ ետք, երկինքի մէջ նստաւ Մեծվայելչութեան աջ կողմը,
4եղաւ այնքան բարձր հրեշտակներէն, որքան գերազանց անուն ժառանգեց՝ հրեշտակներու անունէն։
5Արդարեւ՝ հրեշտակներէն ո՞ր մէկուն Աստուած ըսաւ երբեք. Դուն ես իմ Որդիս, եւ ես այսօր քեզ ծնայ եւ կամ՝ Ես հայր պիտի ըլլամ անոր եւ ան ինծի՝ որդի,
6եւ դարձեալ երբ Անդրանիկը աշխարհը կը մոցնէ՝ կ՚ըսէ. Աստուծոյ բոլոր հրեշտակները թող պաշտեն զինք։
7Իսկ հրեշտակներու մասին խօսելով՝ այսպէս կ՚սէ. Իր հրեշտակները հոգիներ ըրաւ եւ իր պաշտօնեաները՝ կրակի բոց։
8Իսկ Որդիին կ՚ըսէ. Քու աթոռդ, ո՛վ Աստուած, յաւիտեանս յաւիտենից եւ արդարութեանդ մականը՝ մական է անոր թագաւորութեան։
9Սիրեցիր արդարութիւնը եւ ատեցիր անօրէնութիւնը։ Ատոր համար Աստուած, քու Աստուածդ քեզ օծեց ուրախութեան ձէթով, աւելի քան քու ընկերներդ։
10Եւ դուն, Տէր, սկիզբէն հաստատեցիր երկիրը, եւ երկինքը քու ձեռքերուդ գործն է։
11Անոնք պիտի անհետանան, իսկ դուն կաս եւ կը մնաս. Անոնք պիտի մաշին ձորձերու նման։
12Պիտի գալարես զանոնք վերարկուի մը նման, եւ պիտի գալարուին, իսկ դուն նոյնն ես եւ քու տարիներդ՝ անանց են։
Ալէլուիա
Ալէլուիա, ալէլուիա. Փրկութիւն առաքեաց Տէր ժողովրդեան իւրում. պատուիրեաց յաւիտենից զուխտ իւր. Սուրբ եւ ահեղ է անուն նորա:
Աւետարան
Ղուկաս 2, 8-14
8Այն կողմերը հովիւներ կային, որոնք բացօթեայ կ՚ապրէին դաշտերու մէջ եւ գիշերը իրենց հօտերուն պահապանութիւն կ՚ընէին։
9Տիրոջ հրեշտակը երեւցաւ անոնց, Տիրոջ փառքը շրջապատեց զանոնք եւ սաստիկ վախցան։
10Հրեշտակը ըսաւ անոնց. «Մի՛ վախնաք, որովհետեւ ահաւասիկ պիտի աւետեմ ձեզի մեծ ուրախութիւն մը, որ պիտի ըլլայ նաեւ բոլոր ժողովուրդինը։
11Այսօր, Դաւիթի քաղաքին մէջ, ձեզի Փրկիչ մը ծնաւ, որ Օծեալ Տէրն է։
12Ասիկա ձեզի նշան թող ըլլայ. պիտի գտնէք մանուկ մը փաթթուած խանձարուրներով եւ դրուած մսուրին մէջ։»
13Եւ իսկոյն, հրեշտակին միացաւ բազմաթիւ հոյլ մը երկնային զօրութիւններու, որոնք Աստուած կ՚օրհնէին ու կ՚ըսէին.
14«Փառք Աստուծոյ երկինքի բարձունքներուն մէջ, եւ երկրի վրայ խաղաղութիւն մարդոց՝ իր սիրելիներուն։»