Ժամամուտ
Աստուածածին անհարսնացեալ, զԲանն անսկիզբն յղացար եւ զԱստուածն անիմանալին ծնար, զանպարագրելին ի գիրկս քո բարձեր. նմա անդադար բարեխօսեա վասն անձանց մերոց: Ժամամուտ.
Ս. Աստուած
Ս. Աստ. «որ ծնար եւ յայտնեցար»:
Սաղմոս
Ի վայելչութիւն սրբոց քոց. յարգանդէ յառաջ քան զարուսեակ ծնայ զքեզ: Ասաց Տէր զՏէր իմ. նիստ ընդ աջմէ իմմէ, մինչեւ եդից զԹշնամիս քո պատուանդան ոտից քոց:
Ընթերցուածներ
Գաղատացիներուն 4, 1-7
1Արդ՝ ես կ՚ըսեմ. ցորքան ժամանակ ժառանգորդը տղայ է, ծառայէն աւելի բարձր չէ, թէպէտ տէրն է բոլոր ինչքերուն։
2Խնամակալներու եւ տնտեսներու հովանաւորութեան տակ է մինչեւ հօր կողմէ որոշուած թուականը։
3Մենք ալ, մեր տղայութեան շրջանին, ենթակայ էինք աշխարհի տարրերուն։
4Երբ հասաւ ժամանակներու լրումը, Աստուած ղրկեց իր Որդին, որ ծնաւ կնոջմէ, մտաւ Օրէնքի տակ,
5որպէս զի ազատագրէ օրէնքի հպատակները եւ մեզի պարգեւէ որդեգրութեան շնորհքը։
6Քանի որ դուք որդիներ էք, Աստուած ղրկեց մեր սրտերուն մէջ իր Որդիին Հոգին, որ կ՚աղաղակէ՝ «Աբբա, Հայր»։
7Ուրեմն այսուհետեւ ծառայ չես, այլ՝ որդի. եթէ որդի՝ ուրեմն Աստուծոյ շնորհքով ժառանգորդ։
Ալէլուիա
Ալէլուիա, ալէլուիա. Այսօր ծնաւ որ ի Հօրէ յառաջ քան զյաւիտեանս Որդի, որ է օծեալ Տէր ի քաղաքի Դաւթի: Ի վայելչութիւն սրբոց քոց յարգանդէ յառաջ քան զարուսեակ ծնայ զքեզ:
Աւետարան
Ղուկաս 2, 15-20
15Երբ հրեշտակները թողուցին զիրենք եւ վերացան դէպի երկինք, հովիւները ըսին իրարու. «Երթանք մինչեւ Բեթղեհէմ եւ տեսնենք ի՛նչ է պատահածը, զոր Տէրը մեզի ցոյց տուաւ։»
16Փութով գացին ու գտան Մարիամ, Յովսէփ եւ մանուկը, որ դրուած էր մսուրին մէջ։
17Տեսան զինք եւ պատմեցին ինչ որ իրենց աւետած էին հրեշտակները՝ մանուկին մասին։
18Հովիւներու կողմէ պատմուածները լսելով, ամէնքը զարմացան։
19Իսկ Մարիամ այս ամէնը կը պահէր իր սրտին մէջ եւ կը խորհրդածէր անոնց վրայ։
20Հովիւները վերադարձան՝ օրհնելով ու փառաբանելով Աստուած այն բոլոր բաներուն համար, զորս տեսած եւ լսած էին, ինչպէս որ իրենց ըսուած էր։